ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 25 Յունիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցելով՝ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդութեան, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն յատկացուց բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին կը յայտնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»էն։
Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ բժիշկներուն՝ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէնօրեայ բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան՝ անոր մնայուն աջակցութեան համար։