Ուշ է, բայց ոչ ուշացած: Ճիշդ է, որ ԿԲՎի Շրջանաւարտից Միութեան 30 ամեակի հաւաքոյթը Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ, իսկ ներկայ պայմաններուն բերումով, թղթակցութիւնը այսօր կը հրապարակուի, սակայն, օժանդակութիւնը ամբողջ տարուան վրայ կ՛երկարի:
Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան, Լիբանանի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի (ԿԲՎ) Շրջանաւարտից միութիւնը Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 30ամեակը: Ներկայ էին առաւել քան 170 շրջանաւարտներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Ներկայ էին նաեւ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահը, Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ տնօրէնը եւ դոկտ. Յասմիկ Պարան՝ Հայկազեան համալսարանի Խնամակալ մարմինի ատենապետը:
Օրուան հանդիսավար Մարի Գոնէալեանի բարեգալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները մեկնաբանեցին Արա Գուրույեան եւ Րաֆֆի Քերպապեան: Օրհնութեան աղօթքը կատարեց վերապատուելի Դանէիլ Ալպարեան:
Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան առաջին հերթին գովեստի խօսքերով ներկայացուց միութեան անցեալի եւ ներկայի բոլոր շրջանաւարտներուն ու բարեկամներուն՝ դպրոցին օժանդակութեան ձեռք երկարելու անսակարկ աշխատանքը: Ան բարձր գնահատեց հիմնադիր անդամները, որոնցմէ ներկայ էին Գաբրիէլ Ալպարեան եւ Սահակ Շամլեան, որոնք նոր սերունդի աշակերտները հայ քրիստոնեայ պահելու ոչ միայն տեսլականը ունէին, այլ երեսուն տարիներէ ի վեր, առանց դադարի, Լիբանանի խաղաղ ու ոչ խաղաղ օրերուն, նիւթական եւ բարոյական նեցուկը դարձած էին իրենց սիրելի կրթութեան օճախին: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր այն անհատներուն եւ միութիւններուն, որոնք մասնակից դարձած են այս առաքելութեան յաջողութեան, յատկապէս՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Ճերի եւ Փաթ Թուրբանճեան Ուսումնական հիմնարկին՝ իբրեւ գլխաւոր բարերարներ:
Ապա, Զաւէն Խանճեան յայտնեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան յանձնառութեան շարունակութիւնը Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող հայ աշակերտներուն ու ուսումնական կազմակերպութիւններուն, որոնք քրիստոնէական եւ հայեցի կրթութիւն կը ջամբեն:
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սառա Անթիքաճեանները ստացան գնահատական յուշատախտակ մը՝ իբրեւ երախտագիտութիւն երկար տարիներու զօրակցութեան եւ օրուան հաւաքոյթին առիթով իրենց կատարած սրտաբուխ եւ ոգեւորիչ խնամակալութեան համար: Իսկ Սառա Անթիքաճեան ստացաւ «Տարուան Շրջանաւարտը» անունով յուշատախտակը՝ տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումին համար:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար Լիբանանէն յատուկ ժամանած էր ԿԲՎի տնօրէնուհին՝ Մարալ Տէյիրմէնճեան, որ անդրադարձաւ Լիբանանի դպրոցներուն անբնական վերամուտին, քաղաքական եւ տնտեսական վատթարացման, որոնց պատճառով տուժած էին ընտանիքները եւ հետեւաբար՝ դպրոցը: Ան իր երախտագիտութեան զգացումները արտայայտեց այս բարեգործ Շրջանաւարտից միութեան ընտանիքին, որ իր հոգատարութեամբ յոյս կը ներշնչէ անշնչելի պայմաններուն մէջ անգամ: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի 337 աշակերտներուն մեծամասնութիւնը կը ստանայ կրթանպաստ: Տնօրէնուհին հպարտութեամբ յիշատակեց աշակերտներուն բարձրորակ յաջողութիւնները, որոնցմէ 22 Փետրուար 2020ին տեղի ունեցած VEX 3 Robotic-ի մրցոյթը, երբ 15 մասնակցող վարժարաններուն մէջ առաջին տեղը գրաւեց: Ապագայ աշխատանքներուն մասին խօսելով՝ տնօրէնուհին ակնարկեց 2022ին վարժարանին հիմնադրութեան 100 ամեակին եւ կատարուելիք ձեռնարկներու ծրագրումին մասին: Իր խօսքին աւարտին, ան վարչութեան նուիրեց միութեան 30ամեակը շնորհաւորող յուշատախտակ մը, զոր ձեւակերպած է Կարպիս Տէյիրմէնճեան:
Երեկոն ճոխացաւ Սեպուհ Նաճարեանի եւ DJ Նարոյին երգերով, եւ մասնաւորաբար՝ «Care for CHS» նշանաբանով:
(Թղթակցութիւնը՝ Շրջանաւարտից միութենէն)