ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի hաձայն՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զoհրապ Մնացականեան իրենց ներկայացուցած է Ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացին վերջին զարգացումները: «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան այս մասին յայտնեց՝ խօսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մանրամասնութիւններուն մասին:
«Նրա խոսքով՝ բանակցային գործընթացում որեւէ գործնական գործընթաց չկայ, բանակցութիւններ չեն ընթանում: Աւելի շատ խօսել ենք մեր ընդհանուր մօտեցումների, մեր շահերը պաշտպանելու մասին: Խօսել ենք այն մասին, որ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պէտք է շարունակի իր միջնորդական առաքելութիւնն իրականացնել, նաեւ խօսել ենք որոշ հարցերի շուրջ, որոնք մամուլում չեն ներկայացւում», յայտնեց Բալայեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ բանակցութիւններուն մասին յայտարարութիւնները իրարամերժ են, Հայաստանի իշխանութիւնները նախ կ’ըսէին՝ չեն բանակցիր, սակայն աւելի ուշ յայտարարեցին, թէ՝ «ինչի շուրջ ուզում, բանակցում են», կ՛ըսէին` բանակցային սեղանին առաջարկ չկայ, բայց յետոյ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը խօսէր կողմերուն առաջարկուած փուլային տարբերակին մասին՝ Վահրամ Բալայեանը պատասխանեց, որ Զ. Մնացականեան վստահեցուց իրենց, որ բանակցութիւններ չկան:
«Երկու հայկական հանրապետութիւնների իշխանութիւնները պէտք է փոխհամագործակցաբար աշխատեն հարցի շուրջ: Այդ տեսանկիւնից, ցանկալի կը լինի, որ նման հանդիպումները յաճախակի լինեն, եւ մենք էլ տեղեկացուած լինենք բանակցային գործընթացից: Մենք շատ սահմանափակուած ենք, չենք ունենում հանդիպումներ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի, թէ՛ շահագրգիռ այլ կողմերի հետ», նշեց Բալայեան:
Իսկ, թէ ի՛նչ կարծիք ունի ինք այն մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները համակարգումի մէջ են Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ եւ անհրաժեշտութեան պարագային չեն հակադարձեր բանակցութիւններուն մասնակից Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Վահրամ Բալայեան պատասխանեց. «Արցախի խորհրդարանում ներկայացուած բոլոր ուժերը չեն իշխանութիւն: Մեզ էլ ժողովուրդը իր քուէն է տուել, հետեւաբար ես չեմ կարծում, որ այն ուժերը, որ կան Ազգային ժողովում, մասնաւորապէս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հանգիստ կը նայեն, թէ ինչ է կատարւում: Մենք մշտապէս կը պաշտպանենք մեր ժողովրդի եւ պետականության շահը: Միանշանակ է, որ մենք մեր ձայնը կը հնչեցնենք բոլոր դէպքերում», յայտնեց ան:
Իսկ թէ իրենք՝ իբրեւ Արցախի ընդդիմութիւն ի՛նչ կը պահանջեն բանակցային կողմ Հայաստանի իշխանութիւններէն՝ Վահրամ Բալայեան ըսաւ, որ պէտք է Արցախի շահը միշտ բարձրաձայնուի, որ Արցախի սահմանադրութեամբ նախանշուած սահմանները պահպանուին եւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն մասին անպայմանօրէն յիշատակուի: «Դա է մեր հիմնական պահանջը: Դա էլ ենք մենք ներկայացրել Զոհրաբ Մնացականեանին: Մեր հայրենիքի մի մասը ազատագրուած է, եւ մենք պէտք է պահենք, պահպանենք այն», շեշտեց Բալայեան։
Պատերազմի վերսկսման մտավախութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Բալայեան ըսաւ. «Արցախի ժողովուրդը հասկանում է, որ ինքը պատերազմի մէջ է: Այսօր ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն կարգավիճակն է, եւ մեզ համար հասկանալի է, որ ամէն պահի կարող է կրակը բորբոքուել: Այդ իրավիճակում պէտք է համարժէք հակակշռող ուժ ձեւաւորենք, որպէսզի կարողանանք դիմակայել, պահպանենք մեր պետականութիւնը: Այդ հարցը հնարաւոր է լուծել, եթէ երկու հայկական պետութիւնները միասին աշխատեն, միասին գործեն: Դա նշանակում է, որ անկախ ամէն ինչից, ընդդիմութիւն, թէ իշխանութիւն, այս հարցում պէտք է միակամ լինեն»։