Եգիպտոսի, Յորդանանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները յայտարարեցին, որ իրենց երկիրները պիտի չճանչնան «1967ի սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն, որուն շուրջ տագնապի կողմերը համաձայնութիւն չեն գոյացուցած»` աւելցնելով. «Պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողերու որեւէ կցում միջազգային օրէնքի խախտում պիտի ըլլայ»:
Չորս երկիրները այս կեցուածքը յայտնեցին Յորդանանի հրաւէրով գումարուած տեսաժողովի մը ընթացքին, որուն Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի կողքին կը մասնակցէին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարութեան ընդհանուր քարտուղարը:
Յորդանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան «Պաղեստինեան դատի զարգացումները եւ խաղաղութեան հոլովոյթի ներկայ կացութիւնը»: Ժողովին մասնակցողները շեշտեցին, թէ Իսրայէլի կողմէ Արեւմտեան Ափին եւ Յորդանան գետի հովիտէն բաժիններ կցելու քայլը «շրջանին ապահովութեան ու կայունութեան համար վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Եգիպտոս, Յորդանան, Ֆրանսա եւ Գերմանիա ընդգծեցին իրենց յանձնառութիւնը` «միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած բանակցութիւններու ճամբով երկու պետութիւններու լուծում»ին նկատմամբ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ ժողովի մը ընթացքին կրկնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրին հիմամբ բանակցութիւններու: