ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու խօսնակ Փիթեր Սթանօ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերյալ յայտարարեց, որ թէ՛Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան հաղորդած են սահմանին զէնքի կիրառումով լուրջ միջադէպերու մասին:
Ան երկու կողմերուն կոչ ըրաւ՝ անմիջապէս դադարեցնելու զինեալ ընդհարումները, ձեռնպահ մնալ լարուածութիւն հրահրող գործողութիւններէ եւ հռետորաբանութենէ եւ ձեռնարկել անյապաղ միջոցներ՝ կացութեան յաւելեալ սրումը կանխելու համար, գործակցելով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ։