ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նահարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան վերջ տալու։
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յանձնարարեց «ինքազսպում ցուցաբերել եւ տարակարծութիւնները խաղաղօրէն լուծելու համար բանակցութիւններու սկսիլ»։
Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայէզ եւս յայտարարեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումը կը սպառնայ երկու երկիրներուն շահերուն, ինչպէս նաեւ՝ տարածաշրջանային կայունութեան ու անդորրին։
«Տագնապներու քաղաքական լուծումը, որ նկատի կ՛ունենայ երկու երկիրներու շահերը եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը, ճգնաժամէն դուրս գալու միակ ելքն է», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Վայէզ։