ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ։
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նախարարը Քասփրչիքի ներկայացուցած է 15 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 03:40էն Հայաստանի պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը՝ նշելով, թէ ատրպէյճանական կողմը ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր։
Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ տեղեկացուցուց, որ Հայաստանի սահմաններուն նկատմամբ ատրպէյճանական կողմին «ոտնձգութիւնները բոլոր առկայ ուժերով եւ միջոցներով տապալւում են»։