ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Յուլիսին, կէսգիշերուան ժամը 00:15էն հաստատուած փխրուն զինադադարը երկար չտեւեց. արդարեւ, 15 Յուլիսին ատրպէյճանական կողմը կատարեց սահմանային կոպիտ խախտում մը՝ հետախուզական-ներթափանցման փորձով մը, իսկ աւելի ուշ ռմբակոծելով քաղաքացիներու բնակարաններ եւ կառոյցներ։
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խոսնակ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ 15 Յուլիսի լուսցող գիշերը, ժամը 03:40ի շուրջ, Հայաստանի զինուած ուժերու սահմանապահները նկատեցին հակառակորդի շարժում։ Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխեցին հակառակորդի հետախուզական-ներթափանցման փորձը։
Թէժ մարտէ ետք, հակառակորդը, կորուստներ կրելով՝ ետ շպրտուեցաւ։ Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 05:20ին սկսան ռմբակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը։ Հայաստանի զինուած ուժերուն ստորաբաժանումները չէզոքացուցին ատրպէյճանական ուժերուն սադրանքները։ «Հայկական ստորաբաժանումները խոցել են հակառակորդի տանկ, հրետանային եւ ականանետային մարտկոցների կրակային դիրքեր, որոնցից հրետակոծւում էին մեր բնակավայրերն ու դիրքերը», յայտնեց ան։
Օրուան ընթացքին հակառակորդը ունեցաւ մարդկային ու նիւթական վնասներ, սակայն հայկական կողմին վնասները հիմնականին մէջ նիւթական եղան, Ատրպէյճանի մարտական անօդաչուի հարուածէն վիրաւորուած է Չինարի գիւղի 48ամեայ բնակիչ մը՝ Արամայիս Յովակիմեան, որուն վիճակը կայուն է։
«Ադրբեջանը, նորից խախտելով մարտական գործողութիւնների եւ կրակի դադարեցման պայմանաւորուածութիւնը, կիրառում է հարուածային ԱԹՍներ (անօդաչու թռչող սարքեր), այդ թւում՝ նաեւ բնակավայրերի ուղղութեամբ։ Զգուշացնում ենք, որ ադրբեջանական զինուած ուժերի առաւօտեան դիակների թիւը կարող է խիստ աւելանալ», յայտնեց Շուշան Ստեփանեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերքեց ատրպէյճանական կողմին տարածած այն տեղեկատուութիւնը, թէ 16 Յուլիսին Հայաստանի զինուած ուժերուն պատկանող X-55 անօդաչու սարք խոցուած է։ Այսպիսով հակառակորդը կը փորձէ մեղմացնել իր զինուորական համակարգերու եւ մարդկային կորուստները։
16 Յուլիսին, Իջեւանի ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանի հրամանատարական բաժինի պետ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ երեկոյեան մարտերը արդէն հանդարտած են. Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանագօտիներուն ուղղութեամբ իրավիճակը կը մնայ հանգիստ։ Ան աւելցուց, սակայն, որ դէպքերը կրնան շուտով փոխուիլ, այդ պատճառով ալ հայկական կողմը միշտ պատրաստ եւ զգօն վիճակի մէջ է։
Ան հաստատեց, որ Ատրպէյճան զգալի թիւով կորուստներ տուաւ. «Մենք փաստացի այս պահին ֆոտոներով ունենք տասը դիակի դուրսհանման ապացոյց: Եթէ հաշուի առնենք, որ այստեղ տասն են, կան այլ տեղանքներ, որտեղից հանուած չեն, բոլոր զոհուածները չէ, որ մնացել են դաշում: Բնականաբար շատ զոհերի կարող էին իրենց հետ տանել անյաջողութեան մատնուած, բայց չզոհուած զինծառայողները: Ինչպէս նաեւ բոլորը չէ, որ միանգամից մահանում են, յաճախ լինում են վիրաւորներ, որոնք յետ քաշուելուց յետոյ են մահանում: Ստացւում է, որ մօտ հարիւր հոգանոց խումբը զգալի թուով կորուստ է կրել, դա կարող է լինել մինչեւ 25, 30 կամ 40 տոկոս», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր՝ անոնք եղած են յատուկ նշանակութեան ուժերը: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները եւս հաստատած էին, որ կը գործէ «Եաշմա» ջոկատը, որ, ըստ Յովհաննիսեանի, յատուկ նշանակութեան ջոկատներէն մէկն է, որուն հիման վրայ կը պատրաստուի ընդհանրապէս Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան զորքերը: Այլ խօսքով՝ անիկա ընտրանի ստորաբաժանում է: Յովհաննիսեան շատ տրամաբանական նկատեց, որ ատրպէյճանական երրորդ բանակային զօրախումբը եւ սահմանապահ ծառայութեան զօրքերը՝ իրենց մարտական խնդիրը լուծել չկարենալէ ետք գործի լծուի ընտրանի ստորաբաժանում՝ նախագահի բարձրագոչ յայտարարութիւններէն ետք:
Աւելի ուշ Շուշան Ստեփանեան տեղադրեց լուսանկարներ եւ տեսանիւթ, որոնց մէջ կ՛երեւին ատրպէյճանական զինուած ուժերու զինուորներուն դիերը եւ ինչպես հակառակորդը հայկական կողմին արտօնութեամբ զոհերը կը տեղափոխէ։
Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հարուածային անօդաչու սարքը հարուածեց մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող՝ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ինքնաշարժը՝ առանց մարդկային զոհեր պատճառելու։
Ան նաեւ խօսեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ զօրամասերու մօտ հաւաքուող նախկին ազատամարտիկներու, նախկին զինուորականներու, բժիշկներու մասին, որոնք իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն մեկնելու մարտական դիրքեր, ծառայութիւն կատարելու։ Ան շեշտեց, որ տակաւին նման անհրաժեշտութիւն չկայ, «զինուած ուժերը իրենց խնդիրը կատարում են»։
Նոյն հաստատումը կատարեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց քաղաքացիներուն՝ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան համար՝ սակայն դիտել տալով, որ «մեր ժողովրդի անկոտրում ու մշտապէս պայքարի պատրաստ հայրենասէրների այդ կորիզի՝ երկրապահների, ազատամարտիկների ու առանձին քաղաքացիների կամաւորագրման անհրաժեշտութիւն այս պահին չկայ»։
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը շարունակում է վստահօրէն կատարել իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները, լիարժէք վերահսկել իրադրութիւնը սահմանի ողջ երկայնքով՝ արժանի հակահարուած հասցնելով հակառակորդին ցանկացած սադրանքի դէպքում։ Կամաւորագրուելու անհրաժեշտութիւն առաջանալու դէպքում պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կը գայ յատուկ յայտարարութեամբ», կ՛ըսուի այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան խօսեցաւ ռմբակոծումին իբրեւ արդիւնք գիւղին տուներուն հասած վնասին մասին՝ դիտել տալով, որ կան գոյքի եւ շինութեան վնասի 51 պառագաներ։ Այգեպարի մէջ նաեւ մանկապարտէզ մը վնասուած է։
«Վնասուած տների քանակը մօտաւորապէս 20 է, այս գիշեր եղել է եւս 10 տան վնաս, այսինքն այս պահին մենք խօսում ենք 30 տան մասին: Նախնական ուսումնասիրութեամբ,այս պահին մենք ունենք առնուազն երկու տուն, որոնք ոչ թէ կը վերականգնուեն, այլ զրոյից կը կառուցուեն», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ վնասուած են նաեւ ենթակառոյցներ, երթեւեկի միջոցներ, ընտանի կենդանիներու շինութիւններ եւ այլն։
Մարզպետը հաստատեց, որ վերականգնման աշխատանքները անմիջապէս պիտի սկսին, մինչ այդ ապահովուած է բնակիչներուն կեցութեան վայրը եւ ապրուստի հարցը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի բաժինէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման, Ժընեւի ուխտերու պահանջներուն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները կոպտօրէն խախտելու, խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ ծանր հրետանային համակարգով, ականանետերով եւ այլ զինատեսակներով կրակոցներ արձակելու փաստերով Հայաստանի քննչական կոմիտէին մէջ յարուցուած է 30 քրէական գործ։