ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 25 Յուլիսին, կ․ա․ ժամը 11ին, տեղի պիտի ունենայ «Արեւմտահայերէնը եւ սփիւռքահայ նոր սերունդը» նիւթով առցանց քննարկումը։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հայերէնով, իսկ քննարկումը՝ բազմալեզու:
Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ ընկերային ցանցերու մասնագէտ Շահէն Արապօղլեան, իսկ քննարկումին պիտի մասնակցին փրոֆ. Էլենա Աշճեան (տնօրէնուհի՝ ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանի, Պուէնոս Այրես, Արժանթին), Շահէ Թանաշեան (տնօրէն՝ ՀԲԸՄ Արմէն-Քէպէք Ալեք Մանուկեան վարժարանի, Մոնթրէալ, Գանատա) եւ Հրաչ Սեփեթճեան (Հայերէնի բաժանմունքի վարիչ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի, Քանոկա Փարք)։
Արձանագրուելու համար այցելել http://cutt.ly/westernarmenian կայքէջը։