ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Յուլիսին հարցազրոյց տուաւ ռուսական պատկերասփիւռի կայանի մը եւ անդրադարձաւ Ռուսիոյ մէջ ապրող ատրպէյճանցիներուն կողմէ ձեռնարկուող հակահայ յարձակումներուն` դիտել տալով, որ անոնք ո՛չ միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայ հռետորաբանութեան արտայայտութիւնն են, այլ նաեւ` Ռուսիան ապակայունացնելու, զայն ազգամիջեան բախումներու թատերաբեմ դարձնելու փորձ:
«Կասկած չկայ, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները ունեն բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները իրադարձութիւնների նման զարգացում թոյլ չտալու համար: Բայց Ռուսաստանի մեր հայրենակիցները իրենց հերթին պէտք է արձանագրեն, որ չպէտք է տրուել սադրանքների եւ որ Ռուսաստանը ապակայունացնելու մէջ շահագրգիռ են այն երրորդ ուժերը, որոնք ծաւալապաշտական-հակահայկական նկրտումներ ունեն Հարաւային Կովկասում: Թոյլ չենք տայ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան: