ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 28 Յուլիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակամանի 239 նոր պարագաներ, մահացած են 8 անձեր եւ ապաքինած են 692 ուրիշներ: Կատարուած քննութիւններու պատասխաններուն 22.5 տոկոսը դրական եղած է:
Հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը այսպիսով բարձրացաւ 37,629ի, ապաքինածներունը՝ 27,357ի, փաստացի բուժուողները՝ 9330ի, ընդհանուր քննութիւններունը՝ 158,527ի, մահուան պարագաները՝ 719ի։