Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ Քալիֆորնիոյ ապահովագրութեան յանձնակատար Ռիքարտօ Լարայի՝ Ուրբաթ, 21 Օգոստոսին, կ․ե․ ժամը 3էն սկսեալ, հայ համայնքին յատուկ համացանցային քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ՝ ապահովագրութեան հարցերուն եւ փոքրածաւալ գործառնութիւններու նահանգային աջակցութեանց։
Քննարկումին մասնակցելու համար դիմել crb@insurance.ca.gov հասցէին՝ նշելով «Assembly Member Nazarian Tele-Town Hall» իբրեւ նամակին նիւթը։