ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարեվերջ Ազգային ժողովին ներկայացնել «Պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւնները, որոնցմով կ՛առաջարկուի ստեղծել մինչեւ 100 հազար անձէ բաղկացած աշխարհազօր: Այս մասին յայտարարեց պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան 1 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ան դիտել տուաւ, որ ապագայ աշխարհազօրայիններուն ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու ատեն զէնք պիտի բաժնուի՝ աւելցնելով. «Մարտական գործողութիւններից յետոյ զէնքը յետ է վերադարձուելու»:
«Տեղեկութիւնները, որ աշխարհազօրայինները շրջելու են զէնքերով՝ խաղաղ պայմաններում, չեն համապատասխանում իրականութեանը», ըսաւ Բալայեան` նկատել տալով, որ աշխարհազօրին մէջ ըստ մարզերու մարդոց ներգրաւուածութեան շրջանակները, անոնց վարժանքներու պարբերականութիւնը պիտի ճշդուի օրէնքով ու ենթաօրէնսդրական աքթերով:
«Աշխարհազօրի ձեւաւորմամբ խնդիր է դրուած կանոնակարգել մարտական գործողութիւնների ժամանակ կամաւորականների անկանոն հոսքերը: Նման իրավիճակի ականատես եղանք 2016 թուականի ապրիլեան եւ 2020 թուականի յուլիսեան մարտերի ժամանակ: Շատ յաճախ նման դէպքերում մարդիկ ցանկանում են գնալ առաջնագիծ, սակայն տեղեակ չեն` ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս անել, ու խանգարում են տեղում զինծառայողներին», դիտել տուաւ Բալայեան` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր դիմաց առաջադրանք ճշդած է՝ բարձրացնել հասարակութեան պատրաստուածութիւնը հաւանական ռազմական գործողութիւններու:
Ըստ փոխնախարարին՝ աշխարհազօրին մասնակցողները զօրակոչուելով կը ստանան զինուորական ծառայողի կարգավիճակ` ենթարկուելով բոլոր օրէնսդրական կարգաւորումներուն եւ օգտուելով անոնց համար նախատեսուած ընկերային արտօնութիւններէն:
«Նրանց հետ կնքւում է պայմանագիր, եւ նրանք ծառայում են որպէս պայմանագրայիններ: Զօրակոչուելիս նրանք օգտւում են նաեւ զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամի հնարաւորութիւններից», յայտնեց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ աշխարհազօրայինները կը վճարուին միայն ռազմական գործողութիւններու ժամանակ զօրակոչուելու ատեն: «Խաղաղ պայմաններում եւ վարժանքներին մասնակցելիս չեն վճարուելու», աւելցուց ան:
Աշխարհազօրին մէջ, ըստ առաջարկուած օրէնսդրական կարգաւորումներուն, կրնան ծառայել մինչ 70 տարեկան Հայաստանի քաղաքացիները` առանց սեռական խտրականութեան:
«Կանայք եւս կարողանալու են ներգրաւուել աշխարհազօրում, սակայն սկզբում նրանց համար նախատեսուած չէ մարտական գործողութիւններին մասնակցութիւնը: Նրանք կարող են զբաղուել օրինակ բնակչութեան տարհանմամբ, քաղաքացիական պաշտպանութեան այլ հարցերով», տեղեկացուց Բալայեան:
Աշխարհազօրին մէջ պիտի ներգրաւուին բացառապէս պահեստազօրին մէջ չարձանագրուած քաղաքացիները` կամաւորութեան սկզբունքով:
Մարզի կամ համայնքի մասշտապով աշխարհազօրի հրամանատարները պիտի ըլլան մարզպետի կամ համայնքի ղեկավարներու փոխանորդները, որոնք պէտք է ունենան համապատասխան կրթութիւն եւ պատրաստուածութիւն: Նախարարութիւնը կ՛առաջարկէ այդ պաշտօններուն վրայ նշանակել պաշտօնաթող բարձրաստիճան սպաներ, որոնք նաեւ ծնունդով տուեալ բնակավայրերէն են եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն հանրութեան մօտ:
«Նրանք շատ լաւ տիրապետում են զինուորական գործին: Աշխարհազօրի ու բանակի ներդաշնակեցումը լինելու է նաեւ նրանց միջոցով», ըսաւ Բալայեան` նկատել տալով, որ աշխարհազօրի ձեւաւորման ու «Երկրապահ» կամաւորական միութեան գործառոյթներուն միջեւ հակասութիւններ չկան:
«Մենք դիտարկում ենք դրանք որպէս փոխլրացնող կառոյցներ», եզրափակեց Գաբրիէլ Բալայեան: