ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամները առցանց հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի հետ, քննարկելով Տաւուշի վրայ ատրպէյճանական յարձակումին եւ համաճարակին դէմ Հայաստանի պայքարին մանրամասնութիւնները։ Խօսուեցաւ նաեւ Պաքուի հրահրիչ գործողութիւններու ալիքին մասին, որը հասաւ նաեւ Քալիֆորնիա։
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան հայկական զինուած ուժերուն մէջ իրականացուած վերջին բարեփոխումներուն եւ անոնց ազդեցութեան՝ վերջին ռազմական գործողութիւններուն վրայ։
Գլխաւոր հիւպատոսը բարձր գնահատեց Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ կողմերը խոստացան համագործակցութիւնը սերտացնել։
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին ու ընդհանրապէս հայկական օրակարգին ։
Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան դեսպանին շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար, յոյժ կարեւոր նկատելով համագործակցութեան ամրապնդումը։