Սեպտեմբերի 13ին, Խաչվերացի տօնի հանդիսաւոր պատարագը, Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարում մատուցեց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Ս․ աեղանի սպասաւորներն էին՝ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանը եւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեանը։
«Ի՞նչ է պատգամը Խաչվերացի Տօնին։ Պարզ բառերով՝ հրաւէր մըն է այս տօնը նորոգելու մեր քրիստոնէական կոչումը, որպէսզի մեր կեանքն ապրինք Աստուծոյ հետ։ Կարեւոր է նաեւ, որ բոլորս ըմբռնենք, որ իւրաքանչիւրիս տունը խաչով օրհնուած մանրակերտն է մեր ս. եկեղեցւոյ, ուր ներկայ է Աստուած իր սիրով ու իմաստութեամբ», իր քարոզում ասաց առաջնորդը։
Խաչվերացի տօնը միաժամանակ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման օրն է եւ այս տարի լրանում է 10ամեակը։ Բնականաբար անդրադարձ եղաւ նաեւ կարեւոր այս իրադարձութեանը։ Իր խօսքի մէջ, սրբազանը կարեւորեց, որ «Մայր Տաճարը, առաջնորդարանի համալիրով դարձել է մեղուաբոյն մը, ուրկէ ներս մտնողը վստահաբար հոգեւորապէս կը կերպարանափոխուի՝ իր կեանքը կապելով Աստուծոյ հետ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի խորհուրդի, Մայր հայրենիքի եւ մեր սրբազան արժէքներու հետ»։
Յաւարտ Խաչվերացի Ս. Պատարագի, Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարում տեղի ունեցաւ դասական համերգ, խմբավար Ռաֆֆի Միքայէլեանի եւ երգչախմբի կատարմամբ` նուիրուած Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հիմնադրման ու օծման 10ամեակին։ Դասական կատարումները, առաջնորդի եւ հոգեւոր հայրերի ընկերացկութեամբ, ունկնդրեցին բարերարներ ու հաւատացեալ բազմաթիւ հայորդիներ։
(Թղթակցութիւնը՝ առաջնորդարանէն)