Ատրպէյճան ստիպուած եղած է փոփոխութիւն կատարել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հանդիպումին վերաբերեալ հաղորդագրութեան սկզբնական բնագիրին մէջ, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը Լաւրովի խօսքերը ճիշդ չէ մեկնաբանած, կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը:
Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած բնագիրին մէջ գրուած է, որ Լաւրով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին համար «խոչընդոտ» կոչած է եւ իբր թէ աւելցուցած է՝ ըսելով․ «Ռուսական կողմը լուծման հոլովոյթին մէջ հանդէս կու գայ Ատրպէյճանի գրաւեալ հինգ շրջաններու վերադարձին, խաղաղապահներու տեղակայման եւ փոխադրահաղորդակցային համակարգի վերականգնման կողքին»:
Աւելի ուշ, Զախարովա խորհուրդ տուած էր՝ «իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունիլ բացառապէս Մոսկուայի դիրքորոշումը եւ ոչ թէ այլ մեկնաբանութիւններ»:
«Ինչ կը վերաբերի նախարար Լաւրովի խօսքի մէջբերումներուն ճշդութեան, պիտի ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ հարցին եւ սկզբունքօրէն այդ հարցումները ուղղել այն աղբիւրներուն, որոնք տարածած են այդ տեղեկատուութիւնը», ըսած էր Զախարովա:
Զախարովայի խօսքերէն ետք, Ատրպէյճանի խորհրդարանի կայքին վրայ գտնուող հաղորդագրութեան բնագիրին մէջ Փաշինեանի յիշատակումը, «գրաւեալ հինգ շրջաններու վերադարձ»ի եւ «խաղաղապահներու տեղակայման» մասին խօսքերը խմբագրուած են:
Ատրպէյճանական սրբագրուած տարբերակին մէջ կը նշուի. «Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ յայտարարեց, որ Ռուսիա` իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, կ՛աջակցի հարցին լուծման եւ ջանք չի խնայեր այդ ոլորտին մէջ: Ռուսիա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»: