ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիին մէջ եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումներու զինուորներուն, ինչպէս նաեւ նշեալ տարածքներուն մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերը, կամաւորները կտրականապէս կ՛արգիլէ բջիջային հեռաձայններով կամ այլ սարքերով մարտական գործողութիւններու ընթացքը կամ անոնց հետեւանքները կարահանելը եւ համացանցին վրայ տարածելը: «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
Ան կը յայտնէ, որ հակառակորդը մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրէ համացանցին վրայ յայտնուող եւ մարտական գործողութիւններուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող տեսանիւթերը, որոնք, փաստօրէն, անմիջապէս կրնան ուղղորդիչ դառնալ անոր կրակին համար՝ թիրախի վերածելով այն շրջանները, ուրկէ մեր ուժերը կ՛իրականացնեն յաղթական գործողութիւններ: