ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համաճարակի պայմաններուն բերումով, յարմար նկատուեցաւ Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի հրապարակային շնորհանդէս չկազմակերպել ներկայիս, այլ բաւարարուիլ ներքին հանդիպումով մը, որ տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբերին, երբ համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեանի ներկայութեան հաճելի զրոյց մը ընթացաւ հանդէսի խմբագրական կազմին հետ՝ հատորին յառաջացման գործընթացին, տարուած աշխատանքին, աշխատակիցներու ոգեւորութեան, նոր ծրագիրներու եւ հանդէսին առաքելութեան շուրջ:
Հանդէսը այս տարի թեւակոխած է իր հիմնադրութեան յիսնամեակը: Յոբելենական այս տարուան առթիւ հրատարակուած 40րդ հատորին կողքին ծրագրուած է լոյսի բերել նաեւ ծրագրային հատոր մը, որ պիտի ընդգրկէ հանդէսին 40 հատորներուն մատենագիտութիւնը, առնչեալ նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի հայագիտական երեսակը ներկայացնող տեղեկագիրներ:
Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի 40րդ հատորը իր 928 էջերուն մէջ կ’ընդգրկէ շուրջ 50 ուսումնասիրութիւններ՝ հայագիտական գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող: