ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, բաւարարեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց բանտարկութիւնը գրաւով փոխարինելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց անոր պաշտպանը՝ Սամուէլ Դիլբանդեան:
Այսպիսով, Գագիկ Ծառուկեան ազատ արձակուեցաւ 100 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:
«Երեւան-կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն դուրս գալէն ետք, Գագիկ Ծառուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մէկ կողմ կը դնէ իր բոլոր քաղաքական հակասութիւնները՝ շեշտելով, որ ներկայիս իր եւ կուսակցութեան հիմնական հարցը Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմին ընթացքին Արցախին աջակցիլն է: