ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՉԵՆ ՔՆՆԱԾ
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա խորապէս մտահոգ է Միջին Արեւելքէն վարձկան ահաբեկիչներու աճող ներգրաւումով՝ Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Խորապէս մտահոգ ենք շարունակուող ռազմական գործողութիւններով եւ օտարերկրեայ վարձկաններու՝ մարտերուն մէջ աւելի ընդգրկուն ներգրաւումով: Նկատելիօրէն աճած են ծախսերը՝ հակամարտող կողմերուն տնտեսութիւններուն եւ հասարակութիւններուն համար», ըսաւ Զախարովա:
Ան ընդգծեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ եռանդուն ջանքեր գործադրել հակամարտութիւնը շուտափոյթ մեղմացնելու եւ բանակցային գործընթացը վերսկսելու նպատակով:
Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի հետ, քննելով Արցախի իրավիճակը:
«Ընդգծուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շարք մը երկիրներէ ոչ-օրինական զինուած կազմաւորումներու զինեալները շրջան տեղափոխելու անընդունելիութիւնը եւ զանոնք այնտեղէն անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի հանդիպումին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով շեշտեց, թէ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները՝ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, չեն քննած թրքական կողմին մասնակցութեան հարցը՝ Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: «Անիկա օրակարգի վրայ չէ եղած», ըսաւ Փեսքով, հակառակ այդ մասին թրքական կողմին կատարած յայտարարութիւններուն: