ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- 27 Հոկտեմբերին, Գանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին, Ծերակոյտի անդամ եւ Գանատայի Վերին պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Հուսաքոս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբմը՝ յայտնելով, որ Ծերակոյտի սեղանին քննարկման պիտի յանձնէ իր կողմէ ներկայացուած բանաձեւ մը, ոռուն մէջ կը պահանջուի Գանատայի կառավարութենէն դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը Արցախի վրայ եւ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ ծերակուտականը նաեւ կոչ ըրաւ Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի մշտականօրէն կասեցնէ գանատական զինուորական սարքերու վաճառքը Անգարայի։