ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ շրջաններուն մէջ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարը:
Վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը՝ խորհրդակցութեան մասին յայտնեց երկրի ղեկավարի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:
«Շարունակուեցաւ Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի եւ լուծման ջանքերուն վերաբերեալ կարծիքներու փոխանակումը», ըսաւ Փեսքով։