ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Beringer եւ Trimble Navigation Ընկերութիւնները որոշած են այսուհետեւ Թուրքիոյ չծախել Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերուն համար գործածուող մասերը, նկատի ունենալով, որ անոնք կը գործածուին Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ։
Հայ Դատը արշաւ կը տանի Bayraktar-ի մասեր տրամադրող բոլոր ընկերութիւններուն համոզելու, որ կասեցնեն մահ սփռող սարքերու մասերուն վաճառքը։
Ընկերութիւններու ամբողջական ցանկին համար այցելել anca.org/proof կայքէջը, իսկ բողոքի արշաւին մասնակցելու համար՝ anca.org/stopdrones կամ anca.org/comant/ կայքէջերը։