ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ կառավարութեան հարցն է երկրին մէջ ձեւաւորել համաձայնութեան մթնոլորտ: Նոյն ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ առանց ժողովուրդին թոյլտուութեան: «Մենք այսօր կենտրոնացած ենք այդ աշխատանքի վրայ», նշեց Փաշինեան:
Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին Փաշինեան անդրադարձաւ այս թեմային` պատասխանելով անկախ պատգամաւոր Արման Բաբաջանեանի հարցումին: Պատգամաւորը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք կը պատկերացնէ՞ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը, որ կրնայ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին հանգուցալուծում գտնելու ուղիներէն մէկը ըլլալ: Փաշինեանը պատասխանեց. «Շատ աւելի կարեւոր է ազգային համաձայնութեան մթնոլորտը: Կարծում եմ, որ այդ համաձայնութեան մթնոլորտի պահանջը կայ երկու կէտերի շուրջ` կայունութիւն եւ անվտանգութիւն», որոնց համար, ըստ Փաշինեանի, բաւարար ներուժ ունին։
Կառավարութեան կազմի փոփոխութիւններուն մասին վարչապետը ըսաւ, որ հիմա քննարկումներու շրջանն է, սակայն կառուցուածքային փոփոխութեան հարց չի քննարկուիր ներկայիս։