Սպանիոյ Քասթէոն քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը, որմով կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը յորդորէ, որ երկրին կեդրոնական իշխանութիւնը ու այլ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւ Թուրքիա հետեւին իր օրինակին:
Նշենք, որ Քասթէոն Վալենսիա մարզի շրջանային կեդրոնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տուեալ մարզի երեք շրջանային կեդրոնները` Վալենսիա, Ալիքանթէ եւ Քասթէոն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: