ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Դեկտեմբերին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւն՝ 22 Դեկտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ուղղած կոչերուն մասին բացատրութիւն տալու։
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ան հաստատեց, որ յարուցուած եւ յարուցուելիք քրէական գործերը պիտի չկարենան կասեցնել իրենց պայքարը, որ նոյն թափով եւ նոյնիսկ աւելի վճռական պիտի շարունակուի, որովհետեւ նժարին վրայ դրուած է մեր հայրենիքի փրկութեան հարցը, հետեւաբար որեւէ ճնշում պիտի չազդէ այդ պայքարին վրայ։
«Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան մնալու ուրիշ տարբերակ չունի, հիմա Արթուր Վանեցեանին են հրաւիրել ինչ-որ գործով, փորձում են մարդկանց քաշքշել սպառնալ գործեր յարուցել, բերման ենթարկել, ձերբակալել յոյս ունենալով, որ նման ճանապարհով կարող են ազդել, բայց չեն կարողանալու, գնալով աւելի ենք ուժեղանալու, մեր շարքերն աւելի են ուժեղանալու` հեռացնելու ենք գերագոյն գլխաւոր դաւաճանին, յանուն մեր երկրի, որպէսզի կարողանանք մեր երկիրը միասին կառուցել», ընդգծեց ան:
Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ քննիչները նաեւ այցելած են Վազգէն Մանուկեանին: «Քաղաքական իշխանութիւնը շատ անգամ անյարմար վիճակի մէջ է դնում քննչական մարմիններին, Ոստիկանութեանը, Ազգային անվտանգութեանը, եւ յոյս ունեմ, որ մի պահ մեր սպաները կը կանգնեն եւ կը հրաժարուեն կատարելու գլխաւոր դաւաճանի հրահանգները», նշեց Սաղաթէլեան: