
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քիչ առաջ պատկերասփիւռէն հետեւեցայ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան: Ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Երբ պատկերասփիւռը մարեցի, ունէի ծանօթ անեկդոտի մը ճամբորդին զգացումը:
Ընթերցողս հաւանաբար լսած է պատմութիւնը. Լոնտոնէն դէպի Նիւ Եորք թռիչքի պահուն, ճամբորդ մը կը մտնէ օդանաւորդին խուցը, ատրճանակ մը կ՛ուղղէ անոր գլխուն եւ կը պահանջէ. «Զիս… Նիւ Եո՛րք հասցուր»: Օդանաւորդը կ՛ապշի. «Բայց… արդէն Նիւ Եորք կ՛երթանք… Ի՞նչ իմաստ ունի օդանաւս առեւանգելդ», կը հարցնէ: Զինեալ ճամբորդը կը կրկնէ պահանջը: Օդանաւորդը, զայն խելագար մը համարելով, ճարահատ կը կապուի Նիւ Եորքի օդակայանին հետ եւ կ՛իմացնէ եղելութիւնը: Ապահովութեան գօտի մը կը ստեղծուի օդակայանին մէկ անկիւնը, ուր քանի մը ժամ ետք առեւանգեալ օդանաւը կ՛առաջնորդուի՝ անվնաս էջք կատարելէ ետք: Ոստիկանները կը պաշարեն օդանաւը, հրացաններու փողերը կ՛ուղղեն դէպի դուռերը, համարձակ ոստիկան մը կը բարձրանայ օդանաւ, հասկնալու՝ թէ օդահէնը ի՛նչ պահանջ ունի: «Բան մը չեմ ուզեր», կ՛ըսէ զինեալը եւ ատրճանակը կը յանձնէ ապահովութեան պատասխանատուին: Բնականաբար կը ձերբակալեն զինք ու կը տանին օդակայանին ապահովութեան սպասարկութեան սենեակը: «Եթէ պահանջ չունէիր, ինչո՞ւ առեւանգեցիր օդանաւը», կը հարցնեն: «Ըրածս առեւանգում մի սեպէք: Անմեղ եմ: Կ՛ուզէի վստահ ըլլալ, որ Նիւ Եորք պիտի հասնիմ: Նախորդ երկու ճամբորդութիւններուս՝ օդանաւը առեւանգուեցաւ եւ մեզ տարին մեր սկզբնական նպատակակէտէն տարբեր քաղաքներ, ահ ու դողի մատնուած՝ սպասեցինք ազատ արձակման, մոռցանք մեր կորսնցուցած ժամերն ու օրերը: Այս անգամ, կ՛ուզէի վստահ ըլլալ, որ Նիւ Եորք պիտի հասնէի անխափան: Ուրիշ ձեւ չգտայ», կը բացատրէ «օդահէնը», հանգիստ շունչ մը քաշելով:
Հաւանաբար ամերիկացիք (գոնէ շատերը), ամբողջ աշխարհին հետ, հանգիստ շունչ մը քաշեցին, երբ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը անցաւ խաղաղ պայմաններու մէջ: Փաստօրէն, այս երկիրն ու ամբողջ աշխարհը չորս տարի «առեւանգուած» մնացին այլապէս հոգեբուժարան տարուելիք խելագարի մը կողմէ, իսկ 6 Յունուարի դէպքերը աննախընթաց ահազանգի մատնեցին դաշնակցային մայրաքաղաքն ու այլ շրջաններ. Սպիտակ Տան շուրջ բոլորը վերածուեցան տարօրինակ զօրակայաններու, շուրջ 25 հազար բանակայիններ «կանաչ գօտի» մը ստեղծեցին նախագահական պալատին ու կողքի պետական կառոյցներուն շուրջ: Մինչեւ վերջին վայրկեանն ալ, մարդիկ իրենց ձեռքերը սիրտերուն, շունչը բռնած, ունէին այն մտավախութիւնը, որ նարնջագոյն «օդահէն»ին հետեւորդները կրնային կրկնել 6 Յունուարի «հերոսական» արարքները, տարբերակը այն դէպքերուն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն հրահրուած էին Թրամփի եւ համախոհներու կողմէ, եւ դրսեւորուեցան ցեղապաշտական խռովութիւններով, վերագրգռելով «սեւի-սպիտակի» հին վէրքը:
Այս ու նման կացութիւններ յաւելեալ պատճառ էին, որ միջազգային մամուլը քանի մը ժամ դադրեցնէ ընթացիկ յայտագիրները եւ ուղղակի սփռէ երդման արարողութիւնը: Բարեբախտաբար «օդահէնութիւն» չպատահեցաւ եւ առաջին նախանշանը երեւցաւ, թէ՝ անբնական տարիները վերջ պիտի գտնեն ի վերջոյ, ցարդ կոյր մնացած աչքերն ալ պիտի բացուին, «առեւանգուած» ուղեղները պիտի ազատագրուին եւ տեսնեն իսկական հինն ու նորը…:

***
Պայտընը Սպիտակ Տուն մուտքի նախօրեակին, Ամերիկաներուն եւ աշխարհի տարածքին ծայր առած մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու ալիքները արդէն նոր հուն մտած են, մեկնակէտ ունենալով նոր նախագահին ճառը: Թէ՛ ձեւականօրէն, թէ կեցուածքով ու տուած խոստումներով, Պայտըն կը յաւակնի բանալ բարեշրջման էջ մը: Օրինակ, ո՛չ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ այն, որ արարողութեան ներկայ եղողները… դիմակ կը կրէին, ի տարբերութիւն Տոնըլտ Թրամփի գլխաւորած հաւաքներու եւ ընտրական ձեռնարկներուն, ու դիմակ չկրելը դարձած էր… հերոսութեան, քաջութեան եւ ազատութեան արտայայտութիւն (եթէ ըսէք՝ յիմարութեան ցուցանիշ, չեմ նեղանար): Պայտըն խօսեցաւ պետական մարդու, ինքզինք եւ ուրշները յարգող ղեկավարի ոճով, առանց ձաբռտուքի ու ցնդաբանութիւններու, անհիմն ու չափազանցեալ յոխորտանքներու, որոնք յատկանշած էին Թրամփի բոլոր հրապարակային ելոյթները: Նոր նախագահը 20 Յունուարէն առաջ ալ բացայայտ դարձուցած էր, որ ժամանակ պիտի չկորսնցնէ եւ պաշտօնավարութեան առաջին օրն իսկ պիտի ստորագրէ հրամանագիրներ, որոնց նպատակն է շրջել Թրամփի ձախաւեր քայլերը, եւ համերաշխութիւն, միասնութիւն պիտի բերէ երկրին ու ժողովուրդին, գործակցութիւն պիտի վերստեղծէ հակառակորդներու եւ դաշնակից-բարեկամներու (յուսանք նոյն տրամաբանութիւնը տարածուի նաեւ «թշնամի» դասուածներու հանդէպ): Եւ աշխարհի տարբեր ծագերէն առաջին արձագանգները եղան նման տրամադրութիւն ողջունող:
Ի դէպ, Թրամփ խախտեց դարաւոր աւանդութիւն մը եւ մերժեց իր ներկայութիւնը շնորհել այս արարողութեան: Հաւանաբար ո՛չ ոք դժգոհ էր, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը ըստ էութեան նոր վարկաբեկում մը պիտի ըլլար ո՛չ միայն Պայտընի ու ներկաներուն հասցէին, այլ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու, ապա նաեւ Ժողովրդավարութեան եւ իրենց աչքերը նման արժէքներու լաւատեսութեամբ ուղղող ամբողջ աշխարհին: Նկատելի էր, որ պաշտօնաւարտ փոխնախագահ Մայքըլ Փենս հազուադէպօրէն ծափողջունեց Պայտընի դրական եւ յուսալից արտայայտութիւնները: Հաւանաբար ան վարժուած է ծափահարելու միայն իր նարնջագոյն պոսին անմիտ արտայայտութիւնները…
***
Իբրեւ նորընտիր նախագահ՝ Պայտըն Սպիտակ տուն կը վերադառնայ (4 տարի առաջ հոն էր իբրեւ փոխնախագահ եւ առաւելաբար մնաց Օպամայի շուքը) ըստ բաւականին հզօր դիրքէ: Խորհրդարանին մէջ ունի ամուր յենարան. Դեմոկրատները մեծամասնութիւն են թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան եւ թէ Ծերակոյտին մէջ (վերջինին մէջ փոխնախագահ Քամելա Հէրիս պիտի ըլլայ վճռող քուէն, անկախ այն նախատեսութիւններէն, թէ մերթ ընդ մերթ «տատանումներ» ցուցադրող Պայտընէն աւելի՝ ան պիտի ըլլայ վարչամեքենային բուն շարժակը): Ան հսկայական բեռներ ունի իր ուսերուն: Ինչպէս նշեցինք, ան պիտի սկսի բարեշրջումի տանիլ բոլոր այն կալուածները, որոնք խորտակուած ու հսկայական վնասի ենթարկուած են այս երկրին, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ աշխարհի տարածքին: Անմիջական առաջադրանքներուն շարքին են կտրուկ միջոցառումներ, սանձելու համար աւելի քան 400 հազար ամերիկացիներու կեանքը խլած համաճարակը, համոզելով տգէտներն ու տգիտացածները, թէ զգուշութեան ու կանխարգիլման միջոցառումները կը բխին գիտութենէ, եւ ո՛չ թէ ազատութեան ու քաջութեան անմիտ մեկնաբանութիւններէ: Այս իմաստով, երդման արարողութեան պահուն դիմակ կրելու անուղղակի պարտադրանքը դրական նախաքայլ մըն էր: Ան պիտի աշխատի վերականգնել տնտեսութիւնը, ընկերային տագնապին գործնական դարմաններ գտնել (բնականաբար հանրապետականներն ու գաղափարական արժէքներէ անտեղեակներ առիթ պիտի չփախցնեն շարունակելու «Պայտըն ընկերվարական է, համայնավար է» յանկերգները, թէեւ Պայտըն հազիւ թէ ընկերվարութեան լուսանցքէն անցած է), վերադառնալ միջազգային այնպիսի համաձայնագիրներու (կենսոլորտ, հաւասարակշռեալ առեւտուր, Իրանի հետ կորիզային համաձայնագիր եւ այլն), որոնցմէ հեռացած էր Թրամփ՝ իրողապէս մեկուսացումի մատնելով Միացեալ Նահանգները: Ներքին խորացած երկփեղկումը, միջ-ցեղային ատելութեան ալիքին մեղմացումն ու փարատումը, ապահովութեան մթնոլորտին վերաբնականոնացումը եւ նման հրամայականներ առաջնահերթ տեղ ունին անոր «ճաշացուցակ»ին վրայ: Աշխարհը հաւանաբար կախեալ պիտի չըլլայ «թուիթըրեան» խեղկատակութիւններէ, ո՛չ ալ «տեսէք թէ ինչպիսի իրագործումներ կատարեցի»ի պէս սին յոխորտանքներէ: Մէկ խօսքով, ամերկիացիք եւ ամբողջ աշխարհը հիմա որոշ լաւատեսութեամբ եւ յոյսով պիտի հետեւին Պայտընի աշխատանքներուն, յուսալով, որ ան իր ժամանակը չանցընէ կոլֆ խաղալով, պատկերասփիւռ դիտելով եւ «տեսէ՛ք թէ ի՞նչ կ’ուտեմ»ի… գովազդային հրապարակումներով:

***
Այս բոլորով հանդերձ, պէտք չէ տարուիլ պատրանքներով եւ յուսալ, որ հորիզոնը պիտի դառնայ վարդագոյն (Թրամփի օրով նարնջագոյնն իսկ մթագնած էր):
Մեծ հարցականներ կախուած կը մնան Պայտընի յաջողութեան յոյսերուն վերեւ: Պատճառները միայն այն չեն, որ Թրամփի օրով արձանագրուած անկումներն ու նահանջները բարեշրջելը՝ հերքիւլեան առաքելութիւն է, կամ՝ անոնց վրայ համաճարակին գումարած աղէտները միայն թրամփեան պատուհասներ չէին, այլ որովհետեւ ձախաւերութիւններն ու անկումները իրենց պատմութիւնը կերտած են… Թրամփէն շատ առաջ: Այսօր, ա՛լ մոռցուած է այն մտածողութիւնը, թէ Ճորճ Պուշ կրտսերէն աւելի վատ ու համբակ նախագահ մը չի կրնար Սպիտակ տուն մտնել (կրնանք երթալ մինչեւ Ռեկընի եւ այլոց օրերն ալ, առանց ոեւէ մէկը միւսին համեմատելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր ձախաւեր ունեցած է ի՛ր իւրայատկութիւնը: Չարհամարհենք նաեւ Քլինթընները, թէեւ Պիլին կը վերագրուի տնտեսական դրական շարժում, իսկ Օպամային՝ Պուշի ստեղծած անկումէն վեր բարձրանալու… փորձ): Այլ խօսքով, յստակ չէ, թէ Պայտըն որքա՞ն ժամանակի պիտի կարօտի (եթէ անշուշտ յաջողի), երկիրը դուրս բերելու նահանջի ու անկումի բազմաճիւղ մրցավազքէն, որպէսզի անկէ ետք սկսի իր բուն առաքելութեան, իսկական բարեշրջումի, թէ՛ ամերիկեան եւ թէ համաշխարհային բեմերուն, ասպարէզներուն վրայ:
Յստակ է, որ ան կրկէս կը մտնէ բարի խոստումներով, սակայն այժմէն իսկ յստակ է, որ կարգ մը շոգեկառքեր պիտի շարունակեն ընթանալ նախկին երկաթուղիներու վրայով: Արձանագրենք քանի մը անուն միայն: Զինուորական ու քարիւղի ճարտարարուեստներ, Չինաստան, Իրան, Սուրիա, Ռուսիա…: Այս կալուածներուն մէջ իսկական բարեշրջում՝ կախեալ պիտի ըլլայ այն «ուժերէն», որոնք միշտ ալ կ’արտօնեն, որ նոր բեմ մտնողը տայ քաղցրահունչ խոստումներ (եթէ յիշողութիւնները չեն մկրատուած կամ բթացած, Օպամա եւս նման լայնածիր խոստումներով հասաւ իշխանութեան, ունէր խորհրդարանի զոյգ Տուներուն մեծամասնուեան զօրակցութիւնը, յետոյ մնաց «պէտք է այսպէս ընենք»ի շարաններ յանկերգողի կօշիկներուն մէջ), կարճ ատեն ետք զգալի կը դարձնեն իրենց աներեւոյթ ներկայութիւնը եւ կը հասկցնեն նախագահին (եւ գործակիցներուն), որ պէտք չէ արագ վազել, կամ՝ պէտք է պարել համաձայն իրենց երգչախումբի (իմանալ՝ շահերուն) կշռոյթին: Այլ խօսքով, 20 Յունուարը պարզապէս մեկնակէտն է Պայտընի «մեղրամիս»ին, աւանդականօրէն՝ 100 օրերու մեկնարկին, որուն ընլթացքին յայտնի կ’ըլլայ, թէ նոր նաւը ի՞նչ ուղղութեամբ եւ որքա՞ն բարեյաջող պիտի ընթանայ դէպի ցանկալի նաւահանգիստներ, ենթակայ պիտի չըլլայ այլատեսակ առեւանգումներու (եթէ չենք մոռցած, Թրամփ իր իշխանութեան առաջին քանի շաբաթներուն իսկ բացայայտ դարձուց իր կործանանար «քաղաքականութիւնը», իսկ պետական մարդիկ՝ յիշեալ ուժերու վարձկաններ, ամբողջ չորս տարի հանդուրժեցին այդ ընթացքը, յաջողեցան միայն ձեւականօրէն ծանրագոյն մեղադրականները արձանագրել անոր հասցէին, մոռնալով, որ Նիքսըն մը յարաբերաբար նուազ վնասաբեր քայլերով հարկադրուած էր հեռանալու պաշտօնէն…): Նոր նախագահին տեսակարար կշիռին իսկութիւնը պիտի չափուի, երբ ան ձեռք զարնէ Իսրայէլի, Սուրիոյ, Իրանի, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Քորէայի եւ… Թուրքիոյ պէս երկիրներու համդէպ իսկապէս հաւասառակշուած են արդիւնաբեր, եւ ո՛չ թէ նոր ճակատումներու տանող վարքագիծերու (զինական եւ այլ ճարտարարուեստներու պարագան՝ այլ ուսանելի պարագայ):
***
Չենք ուզեր այս ակնարկը աւարտին հասցնել՝ առանց յատուկ կերպով (սակայն առանց երկար խորացումի) կանգ առնելու եւ մեր՝ հայութեան անկիւնէն դիտելու կացութիւնը:
Ունինք հին ու նոր գլխաւոր օրակարգեր (չենք անտեսեր այս երկրի քաղաքացիներուն շարքին ըլլալու միլիոնաւոր հայերու կացութիւնը, հետեւաբար, ներքին ու արտաքին բեմերու վրայ արձանագրուելիք դրական կամ բացասական զարգացումներէ այլապէս՝ բոլորին նման ազդուելու կարելիութիւնները):
Հին օրակարգ ըսելով՝ կը հասկնանք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ, հետեւաբար՝ Թուրքիոյ հանդէպ Ուշինկթընի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան ընտրանքները: Աւելի քան տարի մը առաջ, այս օրերուն, ամերիկեան խորհրդարանի երկու Տուները, առաւելաբար Հայ Դատի յանձնախումբին անդուլ ճիգերուն շնորհիւ, որդեգրեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերը, իսկ գրեթէ բոլոր նահանգները նմանապէս որդեգրած են նոյնիմաստ բանաձեւեր: Կը մնայ, որ ճանաչումը անցնի մէկ քայլ անդին եւ ամերիկեան գործադիր իշխանութիւնն ալ անյապաղ ընդունի անվիճելի ու անխուսափելի ճշմարտութինը, որմէ այնքա՜ն կը սարսափի Թուրքիա:
Նոր օրակարգը՝ Արցախի վիճակուած վերջին ամիսներու աղէտն է, որուն կայծերը արդէն հասած են Հայաստան եւ սկսելով սահմանային գօտիներէն՝ կը սպառնան կլանել «ներքնամաս»ն ալ: Ամերիկեան ընտրապայքարն ու անոր սաստկացումէն առաջ իսկ ծայր առաջ բազմաճիւղ տագնապալի զարգացումները, ըսուեցաւ որ, պատճառ դարձան այս հարցէն ամերիկեան ուշադրութեան շեղումին, տկարացման (մերթ պատճառաբանուեցաւ, որ Թրամփ Թուրքիոյ մէջ անձնական շահեր ունի եւ զանոնք պիտի չզոհէ հայութեան ակնկալութեանց գոհացման ի խնդիր, յետոյ զրոյցներ ծայր առին, թէ Պայտըն աւելի խստապահանջ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հանդէպ, որովհետեւ Էրտողան «չափը անցուցած է» Ռուսիոյ մօտենալու իր քայլերուն մէջ…): Այդ բոլորը, բացատրուեցան թէ, պատճառ դարձած են Մինսքի խումբն մէջ ամերիկեան դեակատարութեան լուսանցքայնացման (Ֆրանսայի դերակատարութեան նօսրացումը գտաւ ուրիշ պատճառաբանութիւն…): Իսկ 44 օրուան պատերազմը այլանդակեց Արցախի Հարց հասկացութիւնը, տակն ու վրայ ըրաւ տարիներու իրագործումները, ստեղծուած յենարանները:
Հին, բայց մանաւանդ նոր ձեւաւորուած օրակարգին հետապնդման մէջ, հայկական կողմը ունի հիմնական դեր, որովհետեւ ձեռնածալ սպասողականութիւնը ո՛չ մէկ ատեն նպաստաբեր եղած է: Հայկական կողմին համար, հրամայական է դրական մօտեցումով վերստին սեղան բերել Արցախի հարցը, անոր իրաւունքները, որոնք հաւասարապէս իրաւունքներն են Հայաստանին ու հայութեան: Հարցին հետապնդումի չէ յաջողած ու չի յաջողիր՝ յարելով ազդեցիկ ուժերէն մէկուն կամ միւսին, կամ՝ դառնալով ասոր կամ միւսին կամակատարը, հաշիւներուն ապաւինողը, այլ պէտք է վերադառնալ մեր ու խաղաղարարներուն շահերուն միջեւ ներդաշնակութիւն, հաւասարակշռութիւն ստեղծելը, իբրեւ մեկնակէտ ու վախճանակէտ ունենալով մեր արդար իրաւունքներն ու շահերը, Թուրքիան ու Ազրպէյճանը վերադարձնելով իրենց հին ու նոր ոճիրներով «շահուած»՝ ամբաստանեալի աթոռին:
Այս ասպարէզին մէջ, կարելի չէ անտեսել Երեւանի մէջ գործօն ու ազդեցիկ կառավարութեան մը գոյառման հրամայականը: Նոյեմբերեան եւ յունուարեան ձախողութիւններէն ետք, նոյնինքն վարչապետը անուղղակիօրէն խոստովանած է, թէ իր կառավարութիւնը բթացած է, պէտք ունի նոր մեկնարկի, սակայն այդ մեկնարկը կը փորձէ հիներու «վերակենդանացումով» կամ պաշտօններու փոփոխութեամբ (իսկ թէ ինչպիսի՞ վերամեկնարկ կարելի է սպասել առողջապահութեան ասպարէզէ անտեղեակի մը նախարար նշանակման մէջ՝ կրնայ համոզել միայն… ինքզինք ու իրեն նման՝ իրական աշխարհէ ամէն օր քանի մը քայլ աւելի՛ կտրուողը): 10 Նոյեմբերն ու 11 Յունուարը, դժբախտաբար, ամրագրեցին, որ իր բոլոր բարի կամեցողութիւննեորվ հանդերձ, Երեւանի իշխանութիւնը անկարողութեան մատնուած , ինքզինք լռութեան դատապարտած՝ ո՛չ միայն ազերիական հետեւողական հակահայ եւ նոյնինքն հակափաշինեանական հայհոյանքներուն նկատմամբ, այլ նաեւ գերիներու ցաւալի հարցին մէջ իսկ Պաքուի քմայքներէն կախեալի իրականութեամբ: Հետեւաբար, անմիջականօրէն, մեր իրաւունքներուն եւ առաջադրանքներուն հետապնդման դերի կը ծանրանայ Հայ Դատի նման «մեքենաներու» եւ ընդդիմադրութեան ուսերուն, սպասելով, որ ներքին բեմէն աւելի՝ միջազգային ասպարէզներու վրայ յարգանք եւ խօսք պարտադրող վարչակազմ մը յանձն առնէ երկրին ղեկը: (Արցախի իշխանութիւնները այլապէս կ’ապրին տարօրինակ ինքնամեկուսացում, եւ հազիւ կրնան հատ ու կտոր դարմաններ գտնել գաղթականներու կարիքներուն, ապաւինելով… ռուս խաղաղապահներուն, որոնք յանձն կ՛առնեն իրենց առաքելութենէն անդին հասնող պատասխանատուութիւններ):
***
… Ճօ Պայտընի ճառին մէջ, կար կարեւոր ընդգծում մը: Ան յայտարարեց, որ ինք բոլոր ամերիկանցիներուն նախագահը պիտի ըլլայ, ընդգծեց, թէ չ’անտեսեր բոլոր անոնք, որոնք իրեն քուէ չտուին, այլ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու բոլորին հետ, դարմանելու բաժանուածութիւնն ու փակելու վիհերը: Արդեօք նման բարի տրամադրութիւններ (որքան ալ այսօր թուին տեսական, եւ մտածենք, թէ «այս մածունը կրնայ շատ ջուր կրել») արձագանգ պիտի գտնե՞ն նաեւ այլուր:
20 Յունուար 2021