ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ կատարուեցաւ եզակի վիրահատութիւն մը. իսլանտացի տղամարդ մը աշխարհի մէջ առաջին անգամն ըլլալով, ուսէն սկսեալ երկու արհեստական ձեռքերու փոխադիր (փրոթեզ) ստացաւ։ Ենթական 23 տարի առաջ, գործի ընթացքին արկածի մը հետեւանքով կորսնցուցած էր երկու ձեռքերը։ Ըստ բժիշկներուն՝ գործողութենէն ետք ենթակային վերականգնումը լաւ ընթացք ունի, բայց տակաւին անորոշ է, թէ ի՛նչ աստիճանի պիտի վերականգնի անոր շարժունակութիւնը։
Այս աննախընթաց վիրահատութիւնը իրականացաւ հայազգի մասնագէտ Արամ Ղազարեանի մականին տակ։ Ան Լիոնի տուեալ հիւանդանոցի վիրահատութեան բաժանմունքի գլխաւոր վիրահատողն է։