Ապու Տապիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած խառն մենամարտերու` «ԵՈՒ.ԷՖ.ՍԻ. 257»ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, յաղթանակ արձանագրեց Արման Ծառուկեան:
Ռուսահայ մարտիկը, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Մեթ Ֆրեվոլայի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-26 արդիւնքով: Ան յաղթանակը հայկական եռագոյնով տօնեց:
Ծառուկեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզի 16րդ յաղթանակը արձանագրեց՝ ցարդ կրած է միայն 2 պարտութիւն: