ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Անդրադառնալով այլախոհ Ալեքսէյ Նաւալնին բանտարկելու որոշումին դէմ ցոյցերուն մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ մէջ արմատական տարրեր գործի լծելու՝ ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան եւ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած էր, որ կը հետեւի Ռուսիոյ 38 քաղաքներու մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն, որոնց ընթացքին հարիւրաւոր խաղաղ ցուցարարներ եւ լրագրողներ ձերբակալուած են:
«Ահաւասիկ կը տեսնէք, թէ ամերիկեան դեսպանատունը տեղեկութիւն կը հրապարակէ: Ասիկա ներքին գործերու իսկական միջամտութիւն է», իր կարգին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով եւս ամերիկեան դեսպանատունը ամբաստանեց Ռուսիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու յանցանքով:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ մէջ ցոյցերու ընթացքին կատարուած ձերբակալութիւնները երկիրը դէպի մենատիրութիւն տանող «անհանդուրժելի» քայլեր են: