ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրը՝ 29 Յունուարին, դաշնակցական եւ պետական մեծ գործիչի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին ՀՅԴի անդամները:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ հաւաքուած են խոնարհելու նորագոյն ժամանակաշրջանի հայոց պատմութեան ամէնէն կարկառուն, ամէնէն երեւելի, միաժամանակ նաեւ ցարդ քիչ գնահատուած մեծագոյն հայուն` Արամ Մանուկեանի յիշատակին դիմաց:
«20րդ դարի սկզբին, երբ թւում էր, թէ հայութիւնը ուժեղ հարուած է ստացել եւ վերականգնուելու որեւէ շանս եւ հնարաւորութիւն չկայ իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ, Արամն էր եւ Արամի նման մտածող գործիչներն էին, որ անձեւ քաոսից կերտեցին պետականութիւն, վերականգնեցին հաւատը, յոյսը եւ կարողացան իրենց օրինակով, անձնուէր աշխատանքով ապացուցել, որ կարելի է կերտել պետականութիւն, այս տարածաշրջանում կրկին անգամ վեր յառնել: Այն աւանդը, որ ունեցել է Արամ Մանուկեանը մեր պետականութեան մէջ, դեռ խորապէս արժեւորուած չէ», յայտնեց Արսէն Համբարձումեան:
Ան նշեց, որ, այսօր մեր կողմէ դիմագրաւուող մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, կը կարծէ, թէ Արամ Մանուկեանի ապրած կեանքը եւ գործունէութիւնը նորովի վերարժեւորելու անհրաժեշտութիւն կայ, որպէսզի կարենանք այս ծանր իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր եւ հարցերուն լուծումներ գտնել:
«20րդ դարի սկզբին, երբ հայութիւնը ցեղասպանուել էր եւ մենք ամէն ինչ կորցնելու վտանգի առջեւ էինք կանգնած, եթէ կարողացանք մեր մէջ ուժ գտնել, հաւատալ մեր սեփական ուժերին, այսօր առաւել եւս հնարաւոր է մի կողմ թողնել այս հիասթափութիւնները, անկումային տրամադրութիւնները եւ հաւատալ մեր ուժերին, հաւատալ մեր ժողովրդի արարող ուժին, մեր պետականութեանը եւ կերտել այնպիսի հայրենիք, որի համար հպարտ կը լինենք բոլորս», շեշտեց Համբարձումեան: