ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 6 Փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահէն պահանջեցին թափանցիկ եւ հրապարակային ձեւով հանրութեան ներկայացնել անվտանգութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու եւ տարբեր հանդիպումներու մասին պատշաճ տեղեկատուութիւն տրամադրել` տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու եւ ներկայի անորոշ մթնոլորտը փարատելու համար:
«Մեզ համար կարեւորւում է այս հարցերի ներկայացումը Ազգային ժողովում` որպէս առաջնային մանդատ(պաշտօն-Խմբ.) ունեցող պետական մարմին: Նշել ենք նաեւ պետական կառոյցներու գործունէութեան, յատկապէս անվտանգութեան հարցերի լոյսի ներքոյ Անվտանգութեան խորհրդի ձեւաւորման կարեւորութիւնը», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան: