ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- «Փարոս» բարեսիրական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Ներքին Կարմիր Աղբիւր գիւղին բարգաւաճման աշխատանքները շարունակելու նպատակով, Ժան-Մարի Ադամեանի ընտանիքը 100,000 տոլարի նոր ուիրատութիւն մը կատարած է։
Մօտաւորապէս 1100 բնակչութիւն ունեցող եւ Արցախի ազատագրութեան պատերազմին օրերէն սկսեալ մինչեւ վերջերս յաճախ ռմբակոծուած Ներքին Կարմիր Աղբիւր գիւղին մէջ «Փարոս» հիմնարկի «Բարգաւաճում սահմանին վրայ» ծրագիրը, Ադամեաններուն հետ գործակցաբար, 2012էն ի վեր շարք մը ծրագիրներ իրագործած է։ Կարելի եղած է գիւղի վարժարանին համար երկյարկանի նոր շէնք մը կառուցել, վերակառուցուած է գիւղին բժշկական կեդրոնը, մանկապարտէզը եւ երկրորդական վարժարանը։
«Փարոս» հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեան կը տեղեկացնէ, թէ այժմ ջանքերը կեդոնացած են ռմբակոծուած բնակարաններու վերակառուցման վրայ։ Ցարդ կարելի եղած է 7 բնակարաններ վերակառուցել եւ այժմ աշխատանք կը տարուի 8րդին վրայ։
«Փարոս» հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.parosfoundation.org կայքը: