ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Մարտին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը Բաղրամեան պողոտայէն երթ կազմակերպեց դէպի «Եռաբլուր» պանթէոնը։
Երթին մասնակցողները դիտել տուին, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը անոնք կ՚ուզեն նշել Եռաբլուրի մէջ՝ զոհուած զինուորներու մայրերուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով կորսնցուցին իրենց որդիները, ամուսիններն ու եղբայրները:
Երթին մասնակցողները Եռաբլուրլի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին հայրենիքին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներուն յիշատակին։
«Մարտի 8ը պէտք է տօն լինէր, բայց այս կոտրուած մէջքով, պարտուած երկրում, քաոսի մէջ, անյայտ հեռանկարով, բացարձակապէս տօնի մասին խօսելու բարոյական, հոգեկան մթնոլորտ չկայ եւ այսօր թէ՛ մեր պարտութեան, թէ՛ հպարտութեան, թէ՛ արժանապատուութիւնը վերագտնելու սահմանը անցնում է Եռաբլուրով», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան։
«Այն, ինչ կատարւում է Հայաստանի հետ, ցոյց է տալիս, որ պարզապէս երկրում իշխանութիւն չկայ, թուրքի շնչառութիւնը Տաւուշում է, երկրում անտէրութիւն է եւ քաոս, եւ որեւէ մէկը յօդաբաշխ բացատրութիւն չի տալիս` ոչ «ուսապարկերը», ոչ էլ տխրահռչակ վարչապետը, կառավարութիւնը կամ ԱԱԾն: Մինչ նրանք ֆէյքեր են որսում, Կապանում թուրքերը շրջապտոյտի են դուրս եկել եւ չգիտենք, թէ ինչ է կատարւում Տաւուշում», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ երկիրը քաոսի մէջ է եւ անդունդի եզրին, եւ մեր պետականութեան մնացորդները փրկելու համար ազգային համախմբումի խիստ կարիք կայ։
Երթէն առաջ, Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երկրին նախագահը ամբողջական պատասխանատուն նկատեց երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Ան նշեց, որ իրենք ունին բեմագրութիւններ եւ պիտի ընթանան յառաջ, իսկ յառաջիկայ օրերուն, ըստ իրավիճակի, պիտի որոշեն իրենց քայլերը:
«Իշխանութեան հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Իսկ ինչ վերաբերում է արտահերթ ընտրութիւնների կոչերին, եթէ ինքն ուզում է արտահերթ ընտրութիւններ, չնայած իմ կարծիքով չի ուզում, դա ընդամէնը փչոց է, նկատի ունենալով, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը գտնւում է իր վերելքի վրայ, նա կրկին ուզում է փոխել օրակարգը, եւ մեզ մտցնել անիմաստ քննարկման մէջ: Եթէ ինքն անկեղծ է, հէնց հիմա թող գայ Ազգային ժողով, հրաժարական տայ եւ լինեն արտահերթ ընտրութիւններ«, ըսաւ ան եւ նշեց, որ «Իմ Քայլը» խորհդարանական ֆրակցիան պարզապէս գերի է Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը:
Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ քայլերուն ծիրին մէջ միշտ նկատի պիտի ունենան այն, որ շարժումին համար Հայաստանի կայունութիւնը, զայն ցնցումներէ զերծ պահելը շատ կարեւոր է, բայց այս չի նշանակեր, որ իրենք պիտի նահանջեն, վճռական պիտի չըլլան՝ հաստատելով, որ ժողովուրդին հետ բաւական ճամբայ քալած են եւ մօտեցած յաղթանակին։
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան Կիներու միջազգային օրուան առիթով յղեց հետեւեալ ուղերձը.
«Սիրելի՛ կանայք,
«Այսօր մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը ձեզ վերահաստատելու օրերից մէկն է, ասելու, որ դուք մեր երկրի, մեր ապագայի, մեր երազանքների ոգեշնչող ուժն էք, մեր ազգային քոտի շարունակողը եւ դուք անգամ 21րդ դարում կրում էք այդ առաքելութիւնը։
«Ձեզ հետ միասին մենք պայքարեցինք ու կերտեցինք մեր անկախութիւնը, յաղթեցինք պատերազմում, յաղթահարեցինք ցրտի ու մթի տարիներ, եւ այդ փորձութիւնների ծանր բեռը յատկապէս ձեր ուսերին էր։
«Դուք չյանձնուեցիք, որ մենք ունենանք երջանիկ ու խաղաղ երկիր, բայց ձեր որդիներին ու ամուսիններին ասացիք՝ հայրենիքն ամենաթանկն է։ Եւ երբ պահն եկաւ, դուք հայրենիքին նուիրեցիք ձե՛ր ամենաթանկը։
«Թանկագի՛ն մայրեր, խոնարհւում ենք ձեր առջեւ, այդ հերոսներին կերտողը դուք էք։
«Սիրելի՛ կանայք,
«Այսօր դուք յուսահատ էք, կորսուած երազանքներով ու չփարատուող ցաւով։ Մենք ձեզ երջանիկ ու խաղաղ երկիր ենք պարտք, մեր հերոսներին արժանի հայրենիք։ Համոզուած եմ, որ թեւութիկունք դարձած՝ մենք կը կերտենք այն Հայաստանը, որին արժանի էք դուք՝ հզօր, ազգային ու արժանապատիւ»։