ԵՐԵՒԱՆ.- 6 Մարտ 2021ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքը՝ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով:
Մասնակցողները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը` յայտնելով իրենց ամբողջական աջակցութիւնը Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան:
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ անցնող շաբաթներուն բողոքի բոլոր գործողութիւններուն ընթացքին իրենց շարքերը եղած են ամուր, առողջ՝ շեշտելով, որ կարեւոր ներկայութիւն է հայրենասէր, պարկեշտ եւ հայոց պատմութեան լաւատեղեակ երիտասարդութիւնը, որ մղիչ ուժ է, իսկ անոնցմէ շատերը այնքան համեստ են, որ նոյնիսկ չեն ալ ըսեր, որ կռուած են պատերազմին:
Այս ծիրին մէջ բեմ հրաւիրուեցաւ երիտասարդ Սեւակ Նազարեան, որ յայտնեց, թէ արդէն 10 օրերէ ի վեր Բաղրամեան պողոտային վրայ այս կարգավիճակով կը շարունակեն իրենց պայքարը՝ գիշեր-ցերեկ, 24ժամեայ դրութեամբ, առանց որեւէ դժգոհութեան՝ նպատակ ունենալով կերտել իրենց երազանքներու ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրարեան, որ նշեց, թէ այնտեղ է ոչ թէ իբրեւ պալատի նախագահ, այլ իբրեւ Հայաստանի մտահոգ, շարքային քաղաքացի եւ նախկին զինուոր: Ան եկած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցէն, որ կազմակերպուած էր` իբրեւ աջակցութիւն զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանին:
Պատմաբան Արթուր Մկրտչեան ըսաւ, որ դժուար է նայիլ իրենց սաներու աչքերուն՝ գիտակցելով, որ անոնց մօտ կայ մեծ հարցում մը՝ ուսուցի՛չ, ինչո՞ւ պարտութիւն կրեցինք։ Ըստ անոր՝ այս հարցումին պատասխանը մենք գիտենք, բայց դժուար է սաներուն ըսել, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ անոնց աչքերուն մէջ պետական հաստատութիւնները արժեզրկուին: Ըստ Արթուր Մկրտչեանի՝ մէկ ելք կայ` պայքարիլ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, դիմելով հանրահաւաքին մասնակցողներուն՝ ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այս փողոցում է գտնւում 3 կարեւորագոյն կառոյց` ԱԺ շէնքը, նախագահական նստավայրը եւ Սահմանադրական դատարանը, այս երեք կառոյցների որոշումից կախուած է շատ կարեւոր եւ էական բան մեր երկրի առաջիկայ օրերի համար: Այո՛, այս հարթակը Հայաստանի պայքարի հարթակն է, եւ այս հարթակից անընդհատ այս կառույցները զգալու են եւ տեսնեն ժողովրդի ձայնը»:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքին աւարտին յայտարարեց. «Մենք կորցրել ենք մեր հայրենիքի մի զգալի մասը, ջարդուել է մեր բանակը, կորցրել ենք հազարաւոր երիտասարդներ, Ալիեւը արհամարհանքով խօսում է հայերի մասին, այն նոյն Ալիեւը, որ վախեցած ծպտուն չէր հանում: Մենք համբերատար տանում ենք մեր պայքարը: Այն մարդիկ ովքեր պահանջում են Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ այստեղ չեն անհամեմատ աւելի շատ են քան էստեղ հաւաքուած մարդիկ: Ես իրենց կոչ եմ անում` այս հայրենիքը միայն մերը չի, ձերն էլ է. ուզում էք միանալ, միացէք, չէք ուզում միանալ, ստեղծէք ձեր կազմակերպութիւնները, ինքնուրոյն որոշումներ ընդունէք: Համբերել հնարաւոր չէ, մեր աչքի առջեւ մահանում է մեր պետութիւնը»:
Հանրահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ երթ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն: Նախ ուղղուեցան դէպի Հայաստանի նախագահի նստավայրը, անկէ ետք ցուցարարները անցան Պարոնեան փողոցէն, ապա` Երեւանի տարբեր փողոցներէ՝ նպատակ ունենալով կոչ ուղղել քաղաքացիներուն՝ միանալու իրենց:
Ընդդիմութեան երթը անցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դատախազութեան շէնքերուն մօտէն: Ցուցարարները կոչեր հնչեցուցին: Երբ երթը հասաւ կառավարութեան շէնքին մօտ, երթին մասնակցողները ցուցադրաբար մէջքով շրջեցան: Այստեղէն երթը մտաւ Նալբանդեան փողոցը, Սայաթ Նովա, ապա Բաղրամեան պողոտաները:
Երթին ընթացքին մասնակցողները կը գոչէին՝ «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ»:
Հասնելով դարձեալ Բաղրամեան պողոտայ` Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական օրակարգը պիտի թելադրուի այս հրապարակէն, այստեղի վճռականութենէն կախեալ է Հայաստանի վաղուան օրը եւ մեր ապագան: «Այս հրապարակը պէտք է պահենք ամուր, շարունակում ենք գիշերել այս հրապարակում: Վաղն ու միւս օրը տեղի են ունենալու մի շարք ծրագրեր, միջոցառումներ: Նահանջելու, հիասթափուելու տեղ չունենք, նժարի մի կողմում հայրենիքի գոյութեան հարցն է, միւս կողմում բոլոր դժուարութիւնները, որոնք պէտք է միասին յաղթահարենք», ըսաւ Ի. Սաղաթէլեան: