Երեքշաբթի, 9 Մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքը։ Մասնակցողները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը։
ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ նոյն օրը պիտի յստականայ Ազգային անվտանգութեան, զինուած ուժերու միասնականութեան եւ այդ զինուած ուժերուն դէմ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի անօրինական յարձակումներուն վերաբերեալ նոր զարգացումներուն ընթացքը:
Ապա խօսք առաւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիներուն բռնապետութեան դէմ ու իր ազատութեան համար տարած պայքարին համար՝ հաստատելով, թէ բոլորը, վարչակարգի բոլոր ստրուկները, բոլոր սպասարկուները պատասխան պիտի տան օրէնքի, սերունդներու եւ Աստուծոյ առջեւ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց, որ թուրքերուն յանձնուած տարածքը Լիբանանի չափ է, Կիպրոսի չափ։ «Կ՛ուզեմ, դուք ձեզ հաշիւ տաք` Լիբանանի ու Կիպրոսի չափ տարածք են սրանք տուել թուրքերին, ու կը հարցնէք` հիմա խօսենք ձէթի թանկացման կամ սղաճի մասի՞ն: Այո՛, հիմա պիտի խօսենք, որովհետեւ սրանք շատ պրոֆեսիոնալ ձեւով հոգեբանօրէն ազդում են մարդկանց ենթագիտակցութեան վրայ եւ յիշեցնում են 25 տարի առաջ ասուած խօսքերը` Սերգօ՛ ջան, լաւ չես ապրել, քանի Ղարաբաղի հարցը չի լուծուել: Հիմա, իբր, իրենք լուծել են Ղարաբաղի հարցը, կը սկսէք լաւ ապրել․․․ ու բոլորին կերակրում են այն ստերով, որ տնտեսութիւնը սկսել է շնչել, նոր հնարաւորութիւններ են բացուել ազգիս առաջ: Այսինքն, Արցա՞խն էր խանգարում, որ այդ հնարաւորութիւնները բացուէին, Արցախը մի կողմ եւ ինչ-որ անհասկանալի հնարաւորութիւնները միւս կո՞ղմ․ դա են փորձում կաթացնել ձեր ենթագիտակցութեան վրայ եւ դրա համար պէտք է փաստարկուած ապացուցենք, որ տնտեսութիւնը երբեք աւելի վատ վիճակում չի եղել գոնէ վերջին 20 տարուայ ընթացքում, քան այսօր», ըսաւ Արթուր Խաչատրեանը։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ Ազգային ժողովը կրնայ գործել միայն այն պարագային, եթէ տայ ժողովուրդին յարիր որոշում: «Իսկ մինչեւ այդ փակեցէ՛ք նաեւ միւս մուտքերը, յետոյ կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը», յայտարարեց ան։
Վազգէն Մանուկեանի ելոյթէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները շրջափակեցին Ազգային ժողովի շէնքը, եւ ոստիկաններուն ու քաղաքացիներու միջեւ բախում տեղի ունեցաւ:
Այդ ատեն խօսք առաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ կոչ ուղղեց ոստիկաններուն՝ արհեստականօրէն լարում չստեղծել։ «Մենք խորհրդարանի շէնք չենք մտնելու: Հիմա մենք մէկ քայլ հետ կը գնանք, բայց ոստիկանութիւնը թող առաջ չգայ: Մենք այստեղ հաւաքուելու համար ունենք ընդամէնը մէկ նպատակ, մենք տասը օր Բաղրամեան պողոտան փակել ենք, մեր բողոքն են արտայայտել, մենք այս փողոցը պէտք է փակ պահենք, որովհետեւ այս Ազգային ժողովն այլեւս անելիք չունի», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ան հաւաքուածներուն կոչ ուղղեց՝ երկու վրան բերելու եւ տեղադրելու Տեմիրճեան փողոցին մէջ:
Շարժումի անդամները յայտարարեցին, որ խորհրդարանի շէնք մտնելու մտադրութիւն չունին եւ խորհրդարանի մուտքերը փակ պիտի պահեն մինչեւ այն ատեն, երբ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական ներկայացնէ:
«Արդէն 4 ամիս է, ինչ ժողովրդի բողոքի ձայնը իր վճռականութիւնն է արտայայտում այս հողատուին իշխանութիւնից հեռացնելու հարցում։ Սակայն այս ընթացքում ՀՀ նախագահը, որ պատասխանատու եւ պարտաւոր է, ձեռքերը լուացաւ եւ փորձում է հեռանալ: Մենք մեր ձեռքով` ժողովուրդն իր ձեռքով, կը հաստատի իշխանութիւն: Մենք ԱԺ մուտքի մօտ ենք, որպէսզի փոխանցենք ժողովրդի ներկայացուցչական մարմնին կարեւոր մէկ բան` ժողովրդի իշխանութիւնը անբեկանելի է, ժողովուրդն իր իշխանութիւնը իրացնելու համար հաստատելու է ազգային նոր իշխանութիւն», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան։
«Փաստօրէն Արմէն Սարգսեանը իրավիճակը լարեց», Տեմիրճեան փողոցին մէջ անհնազանդութեան ցոյցին ընթացքին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան եւ նշեց, որ այլեւս աւելցնելու բան չունի։
Իշխան Սաղաթէլեան, դիմելով ցուցարարներուն՝ ըսաւ. «Յարգելի հայրենակիցնէր, եթէ ՀՀ նախագահը չի պաշտպանում սահմանադրութիւն, եթէ ՀՀ վարչապետը շարունակում է տապալել երկրի սահմանադրական կարգը, ուրեմն ժողովուրդը պէտք է պաշտպանի սահմանադրութիւնը, մենք պէտք է թոյլ չտանք, որ մէկ անգամ եւս Նիկոլը տապալի Սահմանադրութիւնը եւ Սահմանադրական կարգը»:
Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին անընդհատ ոստիկանական նոր ուժեր բերուեցան Բաղրամեան պողոտայ։ Ոստիկանները զինուած էին վահաններով եւ սաղաւարտներով ու շարքերով կը փորձէին քայլ առ քայլ առջեւ երթալ։ Քաղաքացիները անոնց գործողութիւններուն կ՛արձագանգէին սուլոցներով եւ «Ամօթ» վանկարկելով։