ԵՐԵՒԱՆ, «Սփութնիք Արմենիա»- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ այլեւս գերութեան մէջ գտնուող հայ կիներ չկան, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Կ՛ուզենք նշել, որ ներկայիս, Ատրպէյճանի մէջ պահուող ծագումով հայ կիներ չկան: Պատերազմին ընթացքին ձերբակալուած հինգ կիներուն մեծ մասը ազատ արձակուած է զինուորական գործողութիւններու ընթացքին», նշեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա:
Նախքան այդ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեան, մեկնաբանելով լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի՝ Լիբանան վերադարձի լուրը, յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ ենթադրաբար տակաւին երեք հայ կին գերիներ կը պահուին:
Զոհրաբեան նշած էր, որ անոնցմէ մէկուն` Սիլվային, գերի ըլլալը հաստատուած է, միւսներուն պարագային տակաւին չկայ հաստատումներ, սակայն ենթադրեալ գերիները մայր եւ աղջիկ են: