ԱՐԱ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1933ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ
հարազատին՝ Արա Գասարճեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Փետրուար 2021ին, յետ
երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան, թաղման եւ հոգեհանգիստի արարողութիւնները պիտի
կատարուին Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Hollywood Hills
Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սալբի (Տէր Սահակեան) Գասարճեան
Զաւակը՝ Սարօ Գասարճեան
Դուստրը՝ Քարին (Գասարճեան) Սթայնլի եւ զաւակները՝ Ուէյտ եւ Նաթալի
Քոյրը՝ Սեդա Խանճեան եւ դուստրը՝ Անի Սօֆեան (Պէյրութ)
Եղբօր կինը՝ Զուարթ Գասարճեան եւ զաւակները (Պէյրութ)
Աներորդին՝ Պերճ եւ Հուրիկ Տէր Սահակեան եւ զաւակները
Քենին՝ Անդրանիկ եւ Լենա Գալայճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Գասարճեան, Տէր Սահակեան, Գալայճեան, Փիրրոթա, Քիւրքէճեան, Խարփութլեան, Սօֆեան, Ֆրանկոս եւ Խորոզեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (St. James Armenian Church, 4950 W. Slauson Ave., Los Angeles, CA 90056):