ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հոգեկան ամէնէն բարդ խնդիրներէն մէկը՝ ուրիշները տանջելու հիւանդագին վիճակն է, որ ոմանց համար գերագոյն հաճոյք է: Ընդհանուր ազգաց պատմութեան էջերը լեցուն են նման կերպարներով, յատկապէս անպարտելի կայսրերու կենսագրութիւններով, որոնց անկաշկանդ մոլուցքը մարդաչարչարութեան, բացայայտ ճշմարտութիւն է:
Զարմանալի չթուի, որ վերոյիշեալ բռնատէրերուն բնաւորութեան այս գիծը վերապրած է, նոյն խառնուածքը ունեցող մարդոց մէջ: Հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկութեան կեանքը դէպի անհատական անկախութիւն ընթանալու ուղին բռնած է, դեռ կան ոմանք, որոնք ոգի ի բռին կը շարունակեն հետաքրքրուիլ ուրիշներուն կեանքով, անդուլ աշխատանքով կը պեղեն մարդոց անձնական առօրեան, զանազան միջոցներով կը քննեն անոնց սեփական եկամուտը, ձեւեր կ՛որոնեն յայտնաբերելու անոնց ամէնէն նախընտրած բարեկամները, ի վերջոյ իրենց նենգ հնարքներով քանդելու այն, ինչը ուրիշներ տարիներու ընթացքին կառուցեր են:
Եւ… ասիկա նման անձերուն գերագոյն հաճոյքն է…։
Բոլորդ ալ համաձայն պիտի ըլլաք եթէ ըսենք, որ վերոյիշեալ աշխատանքները կատարելու համար մարդ որքա՜ն անգործ պէտք է ըլլայ, կամ տրամադրելի որքա՜ն ժամեր ունենայ: Առաջին մտածումը աւելի նպատակայարմար է նման անձերը բնորոշելու համար: Միայն անգործ ու իրենց կեանքը արդիւնաւորելու նպատակ չունեցող մարդիկ կրնան այսպիսի գործի մը լծուիլ, եւ զայն իրենց կեանքին նպատակը դարձնել:
Վերոյիշեալ «նպատակ»ին ծառայողներ «արձակուրդ» չեն առներ եւ մանաւանդ յոգնիլ ու ձանձրանալ բայերուն իմաստը բնաւ չեն ըմբռնած: Անոնք ջորիի տոկունութեամբ «կը ծառայեն», առանց բեռնաբարձ եւ բեռնաթափուած ըլլալուն տարբերութիւնը զգալու:
Սոյն «բացառիկ», չըսելու համար հիւանդոտ հետաքրքրութիւնը զգալով իրենց շուրջ, ոմանք խստօրէն կը հակադարձեն այդ ցաւագարներուն՝ ըսելով.
– Քեզի ի՛նչ: Հեռու կեցիր կեանքէս, մի՛ խառնուիր անձնական գործերուս:
Բայց որո՞ւն կ՛ըսես այդ խօսքը: Անոնք իրենց ականջները սրած են միայն ուրիշներուն կեանքը պեղելով՝ նիւթեր հաւաքելու ուղղոութեամբ: Բարի խօսքն ու խրատը շատ մեծ ծաւալ ունին եւ չեն կրնար անցնիլ անոնց ականջին մէջ դրուած ամէնէն նեղ ծակտիկները ունեցող մաղէն: Այդ մաղէն ներս կ՛անցնին միայն ուրիշներուն անձնական կեանքին վերաբերող նիւթերը:
Հետեւողականութիւնը նման անձերու աշխատունակութիւնը խթանող միակ ուժն է, որ մղում կու տայ աւելին իմանալու, աւելի շատ տեղեկութիւններ հաւաքելու, ճիշդ ժամանակին զանոնք օգտագործելու համար ընդդէմ անոնց, որոնց կեանքը պէտք է քայքայեն:
Իցի՜ւ թէ այս հետաքրքիրները իրենց հետեւողականութիւնը այլապէս օգտագործէին…: Վստահաբար հրաշքներ պիտի գործէին անոնք, որովհետեւ այս տեսակ մարդիկ առանց իրենց նպատակին հասնելու, բնաւ չեն նահանջեր…։
Այս գործին մասնագիտութիւնը ունեցողները արդարօրէն պէտք է «վարպետ» տիտղոսին արժանացնենք: Բարձրագոյն գնահատանքը պիտի ըլլայ ասիկա վերոյիշեալ մարդոց համար, որովհետեւ թշնամութիւն սերմանելը, հակառակութիւններ ստեղծելը, մարդիկ իրարու դէմ լարելը ամէն մարդու գործը չէ:
Անհաշիւ են մառաններէն գողութիւն ընող մուկերը, որոնցմէ շատերը կը բռնուին թակարդներու մէջ կամ կպչուն նիւթերու: Սակայն, անոնց մէջ կան նաեւ վարպետներ, որոնք բնաւ չեն բռնուիր, իսկ եթէ բռնուին՝ պոչերներին կը խուզեն ու խոյս կու տան մառանի մութ ու խոնաւ, խորհրդաւոր ու վտանգաւոր միջավայրէն:
Նոյն զգուշաւոր արագաշարժութեամբ կը գործեն նաեւ ուրիշներուն կեանքը պեղելով, զանոնք տանջելու հեռանկար ունեցող անձերը: Սուտը այնքան առատութեամբ կը լղորճուի այս անձերուն բերնին մէջ, որ այլեւս չեն յիշեր քանի մը ժամ առաջ խօսած իրենց նախորդ սուտը: Մարդոց անձը վարկաբեկելու մասնագիտութիւնը ունեցող այս թշուառականներուն մեծագոյն հաճոյքը այն է, որ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները յարմարագոյն առիթով թափեն իրենց զոհին երեսն ի վար:
Ի՜նչ ողբերգական իրավիճակ: Այս թշուառականները նոյնիսկ չեն զգար, որ իրենց կատարածը փոքրոգութիւն է: Դժոխային այն մթնոլոտը, որուն մասին հիւսուած սարսափը համայն աշխարհի բարեպաշտութիւնը զսպանակուած կը պահէ, այս աշխարհի մէջ եւս կ՛ապրին ոմանք, կամաւոր սատանաներու ծրագրաւորումով: Այս սատանաները զազրելի տեսքով գազաններ չեն, ո՛չ ալ կոտոշաւոր կամ պոչաւոր անբնական էակներ: Մարդակերպ եւ երբեմն շատ բնական տեսքով այս անձերը կամաւորաբար ստանձնած են սատանային դերակատարութիւնը, առանց իրենց ձեռքին մէջ գերանթի ունենալու կամ դժոխքի կրակին շուրջ պահպանութիւն կատարելու պարտաւորութեան:
Նոր կտակարանեան էջերէն գիտենք, որ Աստուծոյ անհնազանդ հրեշտակները երկինքէն իյնալով սատանաներու վերածուեցան, ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուելով: Անոնք պարտադրաբար իրենց նոր իրավիճակին մէջ յայտնուեցան: Թերեւս ալ եթէ գիտնային իրենց գլխուն գալիքը, հնազանդ կը մնային երկինքի Տիրոջ ու չէին պատժուեր:
Կամաւոր այս սատանաները՝ ուրիշներուն անձնական կեանքը պեղող հետաքրքիրները, սակայն, կամաւորաբար ստանձնած են իրենց կործանարար առաքելութիւնը: Ասոնց տքնաջան աշխատանքով կը ստեղծուի դժոխային այն միջավայրը, ուր կը սկսի բարի մարդոց համար իրենց պատրաստած տանջանքը: Այո՛, միշտ բարի մարդիկ այս հրէշներուն՝ կամաւոր սատանաներուն ձեռքը կ՛իյնան, դեռ միւս աշխարհը չգացած:
Այս կործանարար աշխատանքին ամէնէն պարզ խնդիրները մարդկային փոխյարաբերութիւններն են, որոնք նեղութիւն կը պատճառեն կամաւոր սատանաներուն: Ո՞վ որո՞ւն հետ կը տեսնուի, ո՞վ որո՞ւն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունի, ո՞վ որո՞ւն աւելի հարազատ կը զգայ: Այս բնականոն կապերը անբնական նկատող կամաւոր սատանան, պէտք է իր բոլոր հնարամտութեամբ քանդէ, տկարացնէ, որուն համար կը գործածէ լրտեսական ցանցեր, նիւթերու հաւաքման եւ սուտերու բանաձեւման համար:
Այս բոլոր քննարկումները կատարեցինք ախտաճանաչման նպատակով: Այս ողբերգական անձնաւորութիւններուն վախճանը շատ վատ կ՛ըլլայ, որովհետեւ կամաւորաբար իրենց ստանձնած առաքելութեան աւարտին անտէր, անօգնական ու մինակ կը մնան անոնք, որովհետեւ անզգալաբար բոլորին վնասած, արհամարհած ու վիրաւորած կ՛ըլլան:
Երկրորդ դժբախտութիւնը այն է, որ նման անձեր որքան ալ ուրիշներուն վնասելու նպատակ ունենան, անգիտակցաբար իրենք իրենց կը վնասեն, քայքայելով աստուածաատիպ մարդը: Կամաւոր սատանաները, ի վերջոյ, դէպի դժոխք ուղղուող կարաւանին առաջին յաճախորդները պիտի ըլլան: