ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ, ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ կողմերը քննարկեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կարիքներու արձագանգման այժմէական հարցերուն, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման:
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան ներկայի հարցերուն, որոնց կարգին՝ բարձր մակարդակով կապերու եւ երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեայ յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող:
Դիտարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային օրակարգի առանձին նիթներ: