ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյի Նորմաննի քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը։
Դեսպանատունը այս գծով հրապարակած յայտարարութեան մէջ շորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Սան Վիթօ տէյի Նորմաննի քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամներուն՝ խորհուրդի անդամ Վինչենցօ Քալապրեթթիի ներկայացուցած Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունելուն համար։
Բանաձեւին մէջ համայնքային խորհուրդը համերաշխութիւն կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակումը եւ Իտալիոյ իշխանութիւնները կը յորդորէ՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը։