ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ 250,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 16 Մայիսին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ Ծխական խորհուրդի անդամները Լոս Անճելըսի հայութիւնը կը հրաւիրեն ներկայ ըլլալու Ս. պատարագին, որմէ անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Մուշեղեան Տաղաւարի պատմական հիմնարկէքը եւ Արցախի հերոսներուն աղօթքի պարտէզի ծրագիրին ներկայացումը:
Այդ օր Ս. պատարագը, ինչպէս նաեւ Մուշեղեան Տաղաւարի հիմնարկէքի արարողութիւնը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ պիտի նախագահէ Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքոյի թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
Այս առիթով, անգամ մը եւս յիշենք այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, զոր գրած է հայ գրականութեան լուսապայծառ դէմքերէն անմահն Խաչատուր Աբովեան. «Ազգ մը պահողը իրարու կապող լեզուն եւ հաւատքն են»:
Ահա այս ճշմարտութեամբ է, որ մեր ժողովուրդը կրցած է այսքան դարեր ապրիլ յաւերժալոյս երկու սրբութիւններով, որոնք երկինքէն տրուած են մեզի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսիլքներէն ծնունդ առած:
Հայը ուր որ գացած է առաջին գործը եղած է հայկական եկեղեցի կառուցել եւ անոր կողքին ունենալ հայկական դպրոց մը: Անոր համար է, որ հայը եկեղեցւոյ մէջ կը տեսնէ հայութիւնը եւ հայութեան մէջ կը տեսնէ քրիստոնէութիւնը:
Մուշեղեան Ռիչըրտ եւ Թովմաս եղբայրները այսպիսի հայաբիւր եւ քրիստոնէական ջերմ մթնոլորտի մէջ հասակ առած են. մանաւանդ մեզի ծանօթ սիրելի Ռիչըրտ Մուշեղեան, որուն ծանօթ ենք աւելի քան 40 տարիէ ի վեր, անոր մէջ տեսնելով Աստուածասէր, բարեպաշտ եւ բարեգործի խոնարհ հոգի մը: Ան եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երկար տարիներու վարչական, ատենապետ, Թեմական, Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր եւ Թեմական Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, ամբողջանուէր հայասէր քրիստոնեան: Արժանացած է կաթողիկոսական Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի շքանշանին:
Ռիչըրտ Մուշեղեան Աստուծոյ տան համար սկաուտի պէս միշտ պատրաստ է մեծագոյն խոնարհութեամբ իր ծառայութիւնը եւ նպաստը բերելու. այս բոլորը ըրած է Աստուծոյ փառքին համար:
Հիմնարկէքի արարողութենէն ետք, ներկաները հրաւիրուած են սիրոյ սեղանի մը, միասնաբար նշելու պատմական այդ օրը եւ անձամբ լսելու առաջնորդին, եկեղեցւոյ հովիւին եւ Մուշեղեան եղբայրներուն խօսքերը:
Տաղաւարի ծախսերը մեծագոյն սիրով յանձն առած են Ռիչըրտ եւ Թովմաս Մուշեղեան եղբայրները իրենց ընտանիքի անդամներով, եկեղեցւոյ նուիրելով250 հազար տոլար:
ՁԵՐ ՎԱՐՁՔԸ ՀԱԶԱՐ ԿԱՏԱՐ ԸԼԼԱՅ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ: