ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուորական ծառայողները 44օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք խոշտանգած եւ սպաննած են 19 հայ գերիներ: Այս մասին գրած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու եւ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան:
27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, ինչպէս նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, շարունակուած են գերի առնուիլ հայ քաղաքացիներ եւ զինուորական ծառայողներ:
«Գերութեան մէջ յայտնուած անձանցից 19ը խոշտանգուել ու սպաննուել են ադրբեջանական զինծառայողների կողմից, ինչը համարւում է ռազմական յանցագործութիւն: Ռազմագերիների, ազատազրկուած անձանց խոշտանգելու, սպաննելու փաստերի առնչութեամբ դիմել ենք Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան», նշեց Զէյնալեան։