ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ պէտք է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետագայ աշխատանքը նախ եւ առաջ կեդրոնանայ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ այս ծիրին մէջ գործակցելու վրայ։
Ըստ անոր՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման առումով կարեւոր ներդրում ունի եռակողմ աշխատանքային խումբը Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներուն մասնակցութեամբ` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման: «Այդ աշխատանքին յաջողութիւնը վճռորոշ դեր պիտի ունենայ ընդհանուր իրավիճակի կարգաւորման առումով եւ հակամարտութեան յաջորդած փուլին համագործակցութեան հաստատման համար», յայտնեց Լաւրով:
Լրագրողի մը հարցուց տարբեր երկիրներու հետ երթեւեկի ուղիներուն, յատկապէս՝ «Զանգեզուրի միջացք»ին մասին, որուն առնչութեամբ Ատրպէյճանի նախագահը սպառնալիք ուղղեց Հայաստանին՝ չհամաձայնելու պարագային ուժով պարտադրելու։ Լաւրով յայտնեց, որ եռակողմանի համատեղ գործողութիւններուն համար ճշդուած մեքանակարոյցի կ՛ենթադրէ համաձայնութիւններ, որոնք պիտի ըլլայ բացառապէս կամաւոր` հիմնուած փոխշահաւէտ հիմերու վրայ: «Ոչ մէկ պարագայի ասիկա կ՛ենթադրէ ուրիշ բան, քան դիւանագիտական համաձայնութիւններ եւ լուծումներ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան բոլորովինն ապաշրջափակել տնտեսական կապերը: Որեւէ հարց, որ կրնայ հակառակ ըլլալ երեք ղեկավարներուն ձեռք բերած համաձայնութեան, բնականաբար չի կրնար ընդունուիլ իբրեւ այընտրանք այն բոլորին, որուն վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է», ըսաւ Լաւրով:
Ան դիտել տուաւ, որ Ռուսիա, վճռորոշ դեր ունենալով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ հրադադարի հաստատման հարցով՝ մեծապէս շահագրգռուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն ձեռք բերած յայտարարութեան գործնականացումով։
«Վստահ եմ, երբ Մինսքի համանախագահները կոչ ուղղեցին՝ ամէն ինչ վերջնական կարգաւորելու, նկատի ունէին այն, ինչը անհրաժեշտ է այս բոլոր հարցերու լուծման համար: Մենք չենք կասկածիր, թէ երբ մարդիկ սկսին զգալ խաղաղ կեանքի, բոլոր սահմանափակումներու, շրջափակման դրսեւորումներու վերացման օգուտները, պիտի սկսին ուրիշ ձեւով վերաբերիլ հարցերուն հետ, զորս այժմ մեր կարգ մը գործընկերները կը փորձեն սրել եւ առաջին կարգ բերել», ըսաւ Լաւրով՝ շեշտելով, որ պէտք չէ քաղաքականացնել գործընթացը, որպէսզի ամէն ինչ հակառակ ուղղութիւն չստանայ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ լուծել Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք բոլոր պահուող անձերը հայրենիք վերադարձնելու հարցը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերահաստատեց հայկական կողմին դիրքորոշումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հեռու է կարգաւորուած ըլլալէ: «Բացառապէս խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով է հնարաւոր հասնել համապարփակ քաղաքական կարգաւորման, որը հաշուի կ՚առնի բոլորի իրաւունքները եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերի Հարաւային Կովկաս: Եւ նման կարգաւորման հիմքում առաջին հերթին պէտք է ընկած լինի Արցախի կարգավիճակի որոշումն այն սահմաններում, որտեղ ինքնորոշուել է Արցախի ժողովուրդը: Կարգաւորման սկզբունքները մշակուել են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան կողմից, եւ մենք շահագրգռուած ենք միջազգային հանրութեան կողմից միջնորդական մանդատով օժտուած այդ ձեւաչափի առաւել ամրապնդման եւ աշխուժացման մէջ», դիտել տուաւ Այվազեան: