Անի Մարսէլեան
2021ի սկիզբը, գաղութիս ծանօթ գրիչ, ազգային դէմք, աւելի քան կէս դարու կրթական մշակ եւ ութը հատորներու հեղինակ՝ Գէորգ Պետիկեան, լոյս ընծայեց իր նոր հատորը՝ «Տարին, Որ Անցաւ» անունով:
Հեղինակին այս նոր հատորին մէջ հաւաքուած են անցեալ տարուան (2020) ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին, Արցախի պատերազմին, հեղինակին եւ անոր թոռնիկներուն միջեւ հարազատ զրոյցներուն եւ ազգային ու համամարդկային զանազան իրադարձութիւններու մասին Պետիկեանի յօդուածները։
Ինչ որ ալ ըլլան մեր տրամադրութիւնները՝ դրական կամ քմահաճ, հայ գիրքը պէտք է կարդացուի, բազմանայ, քաջալերուի ու փրկուի կորուստէ, որովհետեւ ա՛ն է, որ հայ մարդուն հոգին ու միտքը կրնայ ջերմացնել: Նոյնքան կարեւոր է հայ գրագէտները քաջալերել: Այս եւս մեր մշակութային առաքելութիւնն է. աւանդ է, որ պէտք է շարունակուի:
Խորքին մէջ, հայ գիրքը փրկել կը նշանակէ նաեւ փրկել անոր հեղինակը:
Այս հատորը կ’ընդգրկէ 43 արձակ եւ 2 չափածոյ կտորներ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ ու տպաւորիչ վկայութիւն մը՝ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի գրիչէն, որոնք բոլորն ալ էջ առ էջ կու գան ջերմացնելու Սփիւռքի գրականութեան գորշ երկինքը:
Նաեւ ըսեմ, որ «Տարին, Որ Անցաւ»ը վկայութիւն մըն է այն հասկացութեան, թէ գիրքը նոյնի՛նքն հեղինակ մարդն է:
Գէորգ Պետիկեանի ոգեշնչող գրութիւններն ու հատորները միշտ եղած են բանբեր ու թարգման ընթերցողի սրտի ու մտքի կանչին: Իր բոլոր պատմուածքներն ու խոհական արտայայտութիւնները, արդէն իսկ կը պարզեն ու կը բացայայտեն հեղինակի սփիւռքահայու յատուկ ապրումները:
Եթէ քիչ մը աւելի մօտէն հետեւինք իր գրիչին, կարդանք իր հատորները, անպայման պիտի հանդիպինք, տեսնենք եւ վկայենք, թէ Պետիկեան միշտ գրած է իր ծննդավայր Հալէպի ու հալէպահայութեան մասին, լուսարձակի տակ առնելով հալէպահայ կեանքը, մշակոյթն ու հալէպցիի մղձաւանջը: Եւ աւելին՝ հայու յարութիւն առնելու տենչը, այդ երկրի պատերազմի պատճառած աւերակներու ու աւերներու ընդմէջէն :
Ան գրած է նաեւ թշնամիի ձեռամբ կործանուած պատմական արժէքներու կորուստին մասին, երբ այցելեց եւ ականատես եղաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող աւերակ դարձած բերդաքաղաք Անին («Երբ Տեսայ Անին»), փոխանցելով յուզումներն ու ապրումները իր ընթերցողին:
Գէորգ Պետիկեանի վերջին հատորը 2020ի մարդկութեան չնախատեսուած տագնապներու տարափի եւ յուզումներու քանդակ է կարծես, բազմազան ստորաբաժանումներով հատոր մը, որ մեր հոգիներու ծալքերուն, պոռթկումն ու ընթերցումն է, ինչպէս կը վկայէ տոքթ. Եղիայեան, իր վկայութեամբ:
Իւրաքանչիւր պատմուածք իր հմայքն ու սրտի ուղղուած խօսքն ու պատգամը ունի: Եւ այսպէս, ընթերցողը անընդհատ մենախօսութեան մէջ կը մտնէ ինքնաբերաբար:
Պետիկեանի ինքնատիպ ոճը, անոր հիւմըրով խառն պարզ, թարմ եւ առողջ կերպով հայաշխարհը ներկայացնելու գրիչը, անկասկած կը բխի իրապաշտութեան ակունքներէն եւ կու գայ հաստատելու հեղինակի հասուն գրողի ու մտաւորականի, անոր հայ լեզուի, միտքի, մշակի ու երկարամեայ ուսուցիչ-տնօրէնի վաստակը:
Գէորգ Պետիկեան իր անձնական ճիգերով մաքառելով սփիւռքեան այլօրինակ խոչընդոտներու եւ արգելակող ալիքներու դէմ, իր պատուանդանը կերտած է իբրեւ մամուլի մարդ, գրող, դաստիարակ եւ մշակոյթի սպասարկու:
Հեղինակը կը տագնապի հայ լեզուի նահանջով, մեր ժողովուրդի այլասերման երեւոյթներով եւ արմատներուն վերադառնալու տենդով, սակայն նաեւ՝ նոր աշխարհին մէջ մանուկն ու երիտասարդը իսկական արժէքներէ հեռու պահող վիճակներուն հետեւանքներով:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ ամերիկեան միջավայրէն քաղուած միջադէպեր եւ մտորումներ: Նկարագրութիւններուն յուզականութիւնը խորապէս տպաւորիչ դարձուցած է գիրքին բոլոր կտորները:
Ու այսպէս, Արցախեան 44 օրուան պատերազմի պատճառած յուսաբեկութիւնը, համայն աշխարհն սարսափի մատնող անիծեալ ու մարդասպան «Քորոնա» ժահրը, թոշակառուներու հոգեկան ապրումները, ընտանիքներու առօրեայ կեանքէն դրուագները, թոռնիկ ու մեծ հայր երկխօսութիւնները, հայապահպանման մարտահրաւէրներն ու ձուլման սպառնալիքները եւ այլ նիւթեր բովանդակող հատորը՝ մեր ամէնօրեայ կեանքէն վերցուած թատերախաղ մըն է կարծես, ուր իւրաքանչիւր հերոսի մէջ կը գտնես ինքդ, քու անձդ, իսկ բեմադրիչն է՝ գիրքին հեղինակը:
Ինչպէս կը տեսնէք, Գէորգ Պետիկեանի հոգին ու սիրտը իր հայութիւնն է: Ընթերցողը վստահաբար, հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ նաեւ սոյն նոր հատորը:
Արդ, գրիչդ դալար , սիրելի Գէորգ, մաղթանքս է միշտ շարունակես գրել քու հաճելի ու ինքնատիպ ոճովդ եւ գաղափարներովդ ու մեր հոգիներուն արձագանգ տաս քու գրիչովդ․ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս տոքթ. Եղիայեան կը վկայէ. «Սրտէս խօսիս, ինչպէս միշտ»: