ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ յաւելեալ օրէնսդիրներ իր շարքերուն միացած են, որոնց կարգին նաեւ նահանգային Ծերակոյտի խօսնակի պաշտօնակատար Քեւըն Մալին։
Այս առիթով, Մալին յայտարարեց, թէ պիտի փորձէ հայութեան ձայնը աւելիով լսելի դարձնել նահանգի մայրաքաղաքին մէջ։
Նահանգի հայութեան իրաւունքները ջատագովող այս համախմբումին միւս անդամներն են՝ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Էնթընի Փորթանթինօ, Թոնի Էթքինզ, Պապ Հըրցպըրկ, Մարիա Էլենա Տուրազօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ՝ Էլուիզ Կոմեզ Ռէյէս, Լիսա Քալտերոն, Մայք Կիփսըն, Քրիս Հոլտըն, Թամ Լեքի, Սուզեթ Վալատրես, Լօրա Ֆրիտմըն, Պլանքա Ռուպիօ, Լուզ Ռիվազ եւ Ատրին Նազարեան։