Ստորեւ կու տանք Երեքշաբթի, 4 Մայիսին կատարուած Խաժակ Տիքիճեանի թաղման արարողութեան ընթացքին, հանգուցեալի տիկնոջ՝ Շողիկին, եղբօր աղջկան՝ Արեւ Յովսէփեանի արտասանած խօսքը.
Խաժակ Տիքիճեան – քեռայր Խաժակը – ծնած է 2 Օգոստոս 1950ին, Պէյրութ, զաւակը Յակոբ եւ Յասմիկ Տիքիճեաններու, եւ կրտսերագոյն եղբայրը Սալբիին, Արիին, եւ Թամարին:
Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ, ապա երկրորդական ուսումը շարունակելու համար փոխանցուած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան «Ճեմարանը:
Ճեմարանը իրեն համար եղաւ երկրորդ տուն մը, ուր իրեն բախտը վիճակուեցաւ Սիմոն Վրացեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի նման մտաւորականներու շունչին տակ կազմաւորուելու՝ իբրեւ մարդ եւ դաստիարակուելու՝ իբրեւ այն նուիրաեալ հայը որ ան պիտի դառնար ամբողջ կեանքի մը համար:
Միշտ գործօն Ճեմարանի աշակերտական կեանքէն ներս՝ ան յաճախակի ներկայութիւն էր նաեւ «Ջահակիր» պարբերաթերթի էջերուն մէջ:
Աւարտելէ ետք Ճեմարանը, քեռայր Խաժակը իր բարձրագոյն ուսումը շարունակեց Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ, 1972ին վկայուելով B.A. տիտղոսով:
Համալսարանը աւարտելէն տարի մը ետք արդէն ան կ՛ամուսնանայ հօրաքրոջս՝ Շողիկ Յովսէփեանի հետ:
Փոքր տարիքէն իսկ, քեռայր Խաժակը մասնակից եղաւ հայկական միութենական եւ ազգային կեանքին:
Սկիզբը՝ իբրեւ վառվռուն եւ չարաճճի սկաուտ մը ՀՄԸՄի շարքերէն ներս, ապա անդամ՝ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, մինչեւ անցնիլը «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան ճամբով՝ վերջապէս միանալու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:
Եթէ մէկը մասնակից եղած է Եղեռնի Յիսնամեակէն ետք Պէյրութի մէջ օրէ օր զարգացող հայ քաղաքական եւ ուսանողական պահանջատիրութեան, անկարելի է որ ան հանդիպած չըլլայ քեռայր Խաժակին` իբրեւ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը այդ օրերու համահայկական բողոքի միջոցառումներուն եւ քայլարշաւներուն:
Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկիզբ առաւ, բնականաբար ընկ. Խաժակը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր հայութիւնն ու հայկական թաղերը պաշտպանելու գործին. եւ այդպէս ալ եղաւ, եւ ան նուիրուեցաւ այդ աշխատանքին ու իր նկատառելի մասնակցութիւնը բերաւ հոն, մինչեւ որ պայմաններու բերումով պարտադրուեցաւ իր նոր կազմած ընտանիքին հետ փոխադրուիլ Միացեալ Նահանգներ:
Արդէն Քալիֆորնիա հասած, Տիքիճեան զոյգը միացաւ հօրս, հօրեղբօրս՝ Հայկին, եւ հօրաքրոջս՝ Սօսէին, ու Սանթա Մոնիքա քաղաքին մէջ աճեցուցին իրենց ընտանեկան բոյնը՝ բախտաւորուելով 3 զաւակներով՝ Սեւակ, Այգ եւ Նայիրի, ապա Տիքիճեան ընտանիքին միացան հարսը՝ Լիզան, ու իր այնքան սիրած թոռները՝ Էլն ու Լիվը:
Նոյն ժամանակ քեռայր Խաժակը սկիզբը դրաւ իր ոսկերչական «Bejeweled» հաստատութեան՝ նախ Century City-ի մէջ, ապա Beverly Hills-ի մէջ, ուր ան մնաց մինչեւ օրերս, եւ նկատառելի յաջողութեան հասաւ, փնտռուած արհեստաւոր եւ վստահելի մասնագէտ մը ըլլալով Hollywood-եան շատ մը նշանաւոր աստղերու համար:
Ընկեր Խաժակին համար հայ ազգային եւ կուսակցական կեանքը եղան անմիջական մասը իր էութեան: Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն քանի մը տարի ետք արդէն ան ընտրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, եւ տարիներ շարունակ անոր կազմին մէջ, ու ընդհանրապէս կուսակցութեան ճամբով ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ եւ 2000ին Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը ներկայացուց ՀՅԴ 28րդ Ընդհանուր ժողովին:
Քեռայր Խաժակին համար յատուկ նշանակութիւն ունէր հայկական վարժարանը, հայեցի դաստիարակութիւնն ու հայ կրօնական արժէքները:
Եւ ուրեմն, շատ բնական էր, որ ան իր տեղը գտնէր ազգային-եկեղեցական մարմիններու մէջ, նախ՝ իբրեւ Ազգային վարչութեան ժրաջան անդամ ու կազմի ատենապետ, ապա՝ իբրեւ
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ 2004էն մինչեւ 2017:
Գնահատելոով տարիներու անմնացորդ իր ծառայութիւնը՝ հայ ազգին եւ հայ եկեղեցւոյ, Հոկտեմբեր 2011ին Արամ Ա. կաթողիկոսը քեռայր Խաժակը պարգեւատրեց «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով:
Քեռայր Խաժակը չկայ այլեւս, բայց կան եւ պիտի մնան իրմէ մեզի մնացած յիշատակները: Ընտանիքի փոքրերը պիտի չունենան այլեւս իրենց խաղալիքները պահող Քեռայր Խաժակ, կամ իրենց հետ աչխփուկ խաղացողը եւ ըսողը, թէ «գնա՛ խոհանոցը, նայէ ես հո՞ն եմ»:
Բայց մեծով-պզտիկով, ազգական թէ ընկերներ, բոլորս մեր կեանքերը պիտի շարունակենք ապրիլ միշտ զինք կարօտնալով, եւ միշտ Աստուծոյ փառք տալով, որ ան հարստացուց մեր կեանքերը՝ հոն զետեղելով քեռայր Խաժակը, պարոն Խաժակը, ընկեր Խաժակը: