ՊԱՔՈՒ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էին, բռնագրաւուած Քարվաճառի մէջ 4 Յունիսին տեղի ունեցած ականի մը պայթումին պատճառաւ երեք ատրպէյճանցիներ, ներառեալ՝ երկու լրագրողիներ մահացած էին։ Անոնց մահը Ատրպէյճանի մէջ ներքաղաքական տարակարծութիւններու պատճառ դարձած է: Ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլը այս գծով մեղադրանքներ կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:
Ան իր դժգոհութիւնը յայտնեց, որ եօթը ամիսներէ ի վեր Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն արտօնութիւն չի տրուիր այցելելու ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքները: Ըստ անոր՝ ականներու գոյութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ արգելքի պատճառ, մինչդեռ պատերազմէն նոյնիսկ 7 ամիսներ ետք ականներու պայթումներէն մահուան դէպքերը չեն նուազիր:
«Մեր գլխուն եկած բոլոր հարցերուն, ներառեալ մեր երկու լրագրողներուն եւ այլ քաղաքացիներու մահուան պատասխանատուութիւնը նոյնպէս անձամբ Իլհամ Ալիեւի վրայ է», կը գրէ Հաճըլը՝ շեշտելով, որ բոլորը պէտք է պատասխանատու ըլլան իրենց արարքներուն համար եւ պատժուին յանցագործութիւններու համար, սակայն Ատրպէյճանի ղեկավարը ո՛չ միայն իւրացուցած է իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւնները, այլ նաեւ Արցախի 10,000 քառակուսի քիլոմեթրը կը նկատէ իր անձնական սեփականութիւնը՝ պնդելով, որ միայն ինք գիտէ ինչ, երբ եւ ինչպէս ընել:
Հաճըլըի քննադատական գրառումը դժգոհութիւն յառաջացուց Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններուն մօտ: «Անկախ» երեսփոխան Սահիպ Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկեց Հաճըլըն, որովհետեւ ան լրագրողներու մահուան համար չի մեղադրեր Հայաստանի ղեկավարութիւնը: «Մինչեւ վերջերս ոչ ոք այնքան ցած չէր իջներ, որքան Ալի Քերիմլի եւ Ճեմիլ Հասանլը: Արիֆ Հաճըլը ցոյց տուաւ, որ քաղաքականութեան մէջ աւելի խոր փոսեր կան», ըսաւ Սահիպ Ալիեւ՝ շեշտելով, որ Արիֆ Հաճըլը ներդաշնակօրէն կ՛աշխատի թշնամիին հետ: