ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի միջեւ Ժընեւի մէջ 15 Յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Արցախի հարցը, Երեքշաբթի օր լրագրողներու յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով։
Ըստ անոր՝ պիտի քննարկուին Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը յուզող բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու հեռանկարները, չլուծուած հարցերը, ռազմավարական կայունութիւնը եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները։