
ԿԱՐՕ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆի՝ ՀՕՄի տարիներու բարերարին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու եւ հոգեբանական գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին վարչականներէն Ալիս Կիւրեղեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։